ԴՍՏԻԿՈՆ
– Հորիզոնական, չորրորդ տող. «Յարկ», 7 գիր: Դժուար հարցում:
«Ասպարէզ» օրաթերթի շաբաթօրեայ խաչբառն է (26 Հոկտ., 2013): Այս փոքրիկ զբաղումը գիշերային ժամերուն ստուգաբանութեան կու տայ հին բարեկամներու՝ հազուագիւտ բառերու հանդիպելու քաղցր անակնկալը:
«Յարկ», եօթը գիր: Դժուար հարցում, եթէ բիւզանդագէտ չենք, կա՛մ ծանօթ չենք հին մատենագրութեան: Բարեբախտաբար, երկրորդ տուփիկին մէջ նախապէս երեւցած «ս», եւ վերջին երկու տուփիկներու «ո, ն» գիրերը կը յուշեն պատասխանը… «դստիկոն»: Եւ ստուգաբանութիւնը անխուսափելիօրէն ինքն իրեն կը հարցնէ. վերջին անգամ ե՞րբ եւ ու՞ր հանդիպեցաւ անոր, կամ՝ գործածեց զայն: Յիշողութիւնը կերթայ բիւզանդական ժամանակներ, երբ կայսերական քաղաքաշինութիւնը հայկականին վրայ իշխելու յաւակնութիւն ունէր:
«Դստիկոն»ը ունի յունական ծագում. դիս, երկրորդ + ստեղի, տանիք: Ան բառացիօրէն կը նշանակէ «երկյարկանի»: Մեր լեզուին մէջ ունեցած է ընդհանուր իմաստ՝ տան յարկ, յարկաբաժին: Այժմ զայն միայն կը գործածենք երբ կը խօսինք դասական աշխարհի մասին, կամ մեր բանաստեղծութիւններուն եւ պատմավէպերուն կուզենք տալ հնադարեան բոյր: Այսպէս է «դստիկոն»ի գործածութիւնը Բագրատ Այվազեանի «Աշոտ Երկաթ» վէպին մէջ (1893-94, Թիֆլիս), ուր դէպքերը տեղի կունենան 10րդ դարուն: «Բզնունեաց [Վանայ]… ծովը հանդարտ ծփում էր, նրա ալիքները վազում էին առաջ ու մարդու սրտի մէջ ցանում մի տեսակ վշտի ու թախծի սերմեր: Այդ ժամանակ էր, որ Հեղինէն Գագիկ արքայի դուստրը, նուրբ շղարշը գցած ուսին, դուրս եկաւ դստիկոն եւ նայեց դէպի ծովը, դէպի հեռուում կապոյտին տուող լեռները»:
Աշոտ թագաւորին յաջորդող սերունդի զաւակ է Գրիգոր Նարեկացին: Անոր մօտ «դստիկոն»ը գործածուած կը տեսնենք նկարագրելու համար այն մարդոց, որոնք երկրորդ յարկեր ապաստանած են, որովհետեւ մահը քաղաք մտած է ու սկսած է հալածել բոլորին. «Ոչ միայն զառմիկս եւ զխառնիճաղանջս /այլ եւ զթագաւորս, հզօրս եւ ահագինս/ Փախուցանեն, հանեն, տարագրեն/ Ի դստիկոն յարկի ապարանիցն բարձրութեան/ Եւ կամ ի բացի բնակեցուցանեն»:(«Մատեան Ողբերգութեան», Բան ԿԹ.)
«Դստիկոն»ը մեր լեզուի լուսանցքներուն մէջ բնակութիւն գտած հիւր մըն է:
Բաւական ամօթխած՝ ան շատ չի խօսիր, ամէն տեղ երեւալ չի սիրէր: Հետաքրքրուած չէ ներկայի անցուդարձերով. փոխանակ կը սիրէ իր յիշատակներուն մէջ ամփոփուած մնալ: Ասոր համար է որ զայն կը տեսնենք 1985ին Երեւանի մէջ լոյս տեսած «Դիցաբանական Բառարան»ին մէջ, ուր կարօտով կը խօսի իր անցեալէն յիշատակ յուշարձանի մը մասին. կը ներկայացնէ Փոքր Ասիոյ Պերգամա քաղաքին մէջ կառուցուած Զեւսի զոհարանը. «Մարմարեայ զոհարանը կառուցուել էր մ.թ.ա. 2րդ դարում: 115 մարմարէ սալերից բաղկացած մեծ ֆրիզից պահպանուել են մինչեւ 50 աստուածների եւ նոյնքան գիգանտների քանդակներ: 20 աստիճան ունեցող սանդուղքը տանում է երկրորդ դստիկոն, որտեղ գտնուում է փոքր ֆրիզը»:
«Դստիկոն»ը կը յիշեցնէ նաեւ, թէ Պերգամա քաղաքը ունի «parchemin/parhment» (մեր «մագաղաթ»ը) բառին ծնունդ տուած ըլլալու պատիւը, որուն մասին յետագային: