ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Էն.Թի.Վի.» կայանը Հինգշաբթի, Յունուար 9ին հաղորդեց Տենիզ Քիլիսլիօղլուի կողմէ մեծ մասամբ Երեւանի մէջ պատրաստուած ժապաւէն մը, որուն մէջ լրագրողը կը քննարկէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու ներկան ու ապագան։ «Թուրքիա ու Հայաստան օր մը պիտի կարենա՞ն իրենց միջեւ հաշտութիւն իրականացնել եւ բանալ մէկզմէկու սահմանադռները» հարցումին անոր նախնական պատասխանը «ո»չ էր։
Լրագրողը այն տպաւորութունն ունի, որ ներկայիս որեւէ յուսադրիչ երեւոյթ չկայ Հայաստանի ու Թուրքիոյ յարաբերութիւններու բարելաւման ի նպաստ։ Չկայ, որովհետեւ Ատրպէյճանի ազդակը ծանր կը կշռէ այս յարաբերութիւններուն վրայ։ Հայաստանի մէջ բոլորին կարծիքն այն է, որ Թուրքիա չկրցաւ Արձանագրութիւնները ի գործ դնել, որովհետեւ Պաքու արգելք կը հանդիսանար այդպիսի գործադրութեան մը։
Սփռուած ժապաւէնը, որ յաճախ տեսարաններ ցոյց կու տար Երեւանի ձմեռնային համայնապատկերէն, փողոցի երեւանցիներէն եւ կը շօշափէր զանազան մարդկանց կարծիքները այս փշոտ հարցին առնչութեամբ։ Կարծիք յայտնողներէն էին «Միլլիյէթ»ի յօդուածագիր Թահա Աքէօլ, լրագրող Մարգար Էսայեան, «Ակօս»ի խմբագիր Ռոպէր Գոփթաշ, ռազմավարական գիտութիւններու մասնագէտ Ռիչըրտ Կիրակոսեան, Հայկական նիւթերու հետազօտութեան հրատարակութիւններու խմբագիր, նախկին դեսպան Էօմեր Էնկին Լիւթեն, Ատրպէյճանէն ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու մասնագէտ Ճեւատ Վէլիյեւ եւ այլն։ Բոլորն ալ տարբեր տեսանկիւններէ մեկնաբանելով հանդերձ «1915ի աղէտ»ին իրական բնոյթը՝ կը միանային մէկ նիւթի շուրջ, թէ՝ Թուրքիա ու Հայաստան տակաւին երկար ժամանակ կրնան զրկուիլ իրենց միջեւ դիւանագիտական կապեր ունենալէն։
Հետաքրքրական էին երեւանցիներուն հետ կատարուած կարճաշունչ զրոյցները։ Փողոցի անցորդները ընդհանրապէս կ՛ըսէին, որ մասնաւոր թշնամութիւն չունին թուրքերու նկատմամբ, բայց չեն ալ կրնար մոռնալ 1915ը։ Երեւանցին նաեւ կը յիշեցնէր, որ Արցախը հիմնականին մէջ հայկական հողամաս եղած է։
Պոլսահայ Պօղոս Եղիազար, որ մօտաւորպէս քսան տարիէ ի վեր կը բնակի Երեւան, «Սարի Կելին» երգը երգած է ու Պոլիսէն իր յուշերը պատմած՝ միաժամանակ խօսելով Երեւանի մէջ իր ապրած կեանքին մասին։ Ժապաւէնին մէջ տեսարաններ ցոյց կը տրուէին նաեւ Նահատակաց յուշարձանի յաւերժական կրակէն, Թուրքիոյ արտաքին նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի Երեւան այցելութենէն ու այդ առթիւ փողոցներու վրայ Թուրքիոյ դէմ կատարուած ցոյցերէն։ Ցոյց կը տրուէր նաեւ Էրտողանը, որ միշտ կը պնդէր, թէ Թուրքիա ու Ատրպէյճան նոյն ազգի երկու պետութիւններն են։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.