ՌՈԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ
Նոր Տարին ի՞նչ կ՛ըսէ մանուկներուն… Մանկութիւնը որքա՛ն ալ մութ ու դժուար ըլլայ, կը նմանի գերերկրային երաժշտութեան։ Ձիւն կայ ամէն կողմ, մանկանց անաղարտ հոգիներուն պէս սրբութեամբ փայլփլող։ Ցուրտ չէր այդ օրը. տաքցնող բան մը կար՝ մտերմութիւն, գուրգուրանք, Ամանորեայ խրախ-ճանք, տօնակատարութեան հրաւէր մը առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը վայելող Կլենտէյլի Ս. Աստուածածնայ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի երթիկին տակ:
29 Դեկտեմբեր 2013ի ժամը 11էն սկսեալ, եռուզեռ կը տիրէր Կլենտէյլի երիտասարդական կեդրոնի «Գազանճեան» սրահին մէջ, ուր զարդարուած տօնածառին շուրջ կը բոլորուէին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները, իսկ ծնողներ իրենց տեղերը կը զբաղեցնէին՝ վայելելու համար իրենց զաւակներուն պատրաստած յայտագիրը, որ նուիրուած էր Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդին:
Կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէն Յակոբ æաղացպանեան ողջունեց ներկաները՝ մատնանշելով անցած տարին, որ ուսուցիչներու եւ ծնողներու համագործակցութեամբ խաղաղ տարի մը եղաւ, ապա հրաւիրեց եկեղեցւոյ հովիւ Վազգէն քհնյ. Աքմաճեանը:
Տէր հայրը Ամանորեայ հանդէսի բացման եւ սրտի խօսք փոխանցեց, եկեղեցւոյ հովիւներուն ու հոգաբարձութեան անունով շնորհաւորեց ներկաներուն Ամանորը եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչական կազմին ու տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած սոյն տօնական հանդէսին առիթով։ Ապա տօնական օրերու իր պատգամը յղելով ըսաւ, որ այս օրերուն պէտք է առաւել մօտենալ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան խորհուրդին։ Քահանան շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին՝ նշելով, որ անցեալը կը մնայ պատմութեան գիրկը, իսկ մենք վառ յոյսերով կը նայինք ապագային՝ խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն մաղթելով մանուկներուն եւ անոնց փոխանցելով իրար օգնելու եւ միշտ «տալու» գաղափարը։ Աւարտին, ան բոլորին մաղթեց սէր, միութիւն, առողջութիւն եւ արեւշատութիւն:
Թեւաշատ թռչող ժամանակին հետ իրենց երգերը թեւածեցին Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները՝ նուիրուած Ս. Ծննդեան, Ամանորեային, Կաղանդ Պապյին, հայրենիքին ու մայրենի լեզուին։ Յայտագիրին մաս կազմեցին նաեւ ուսուցիչներ եւ ծնողաօժանդակ մարմինի անդամներ՝ մերթ ընդ մերթ կատարելով ընթերցումներ «Յիսուսի Ծնունդի Արարը»էն՝ փոխանցելով Ծն-նդեան խորհուրդը։
Վայելքն ու խանդավառութիւնը տարածուեցան ամէն կողմ, եւ նոր սերունդը ներկայացաւ որպէս գալիք օրերու նոր ուժ՝ ամրապնդելով իր հաւատքը տկարանալ չգիտցող կորովով մը:
Ապա զանգակներու հնչիւններուն ներքոյ ներս մտաւ Կաղանդ Պապուկը՝ պարկը շալակին, եւ իր համեստ նուէրները բաշխեց մանուկներուն։
Մինչ Կաղանդ Պապուկը կը շարունակէ իր մաղթանքները, դարերէ եկած եկեղեցւոյ ամուր կամարներուն ներքոյ հայեցի դաստիարակութիւն ստացող սերունդները յոյսի թռիչքներով դէպի վեր կը խոյանան եւ խոստմնալից հաւատքով կը լուսաւորեն ապագան: