ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».– Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգ կը գտնուի: Քաղաքապետը Միացեալ Նահանգներ եկած է Յունուարին սկիզբը՝ տեղւոյն հայ համայնքին հրաւէրով: Այս մասին յայտնած է քաղաքապետութեան մամլոյ խօսնակ Զոհրապ Եգանեանը:
Սամուէլ Բալասանեան արդէն հանդիպումներ ունեցած է Կլենտէյլի եւ Ֆրեզնոյի քաղաքապետներուն հետ: «Այցի ընթացքում նախատեսուած էին մի շարք պաշտօնական հանդիպումներ ինչպէս հայաշատ վայրերի քաղաքապետերի, համայնքապատկան կառոյցների, այնպէս էլ հայ համայնքի ներկայացուցիչների հետ: Այցի հիմնական նպատակն է ներկայացնել Գիւմրու այսօրուայ վիճակը, կատարել համագործակցութեան առաջարկներ, հնարաւոր ներդրումների հետ կապուած որոշակի քննարկումներ», նշած է ան՝ աւելցնելով, որ այցելութեան վերջնական արդիւնքները պիտի ներկայացուին քաղաքապետին վերադարձէն ետք՝ քանի մը օր անց։
Գիւմրին քոյր քաղաք է Միացեալ Նահանգներու Վիրճինիա նահանգի Ալեքսանտրիա քաղաքին հետ: Միջազգային համագործակցութիւն հաստատած է տարբեր երկիրներու 12 քաղաքներու հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.