
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ անդրադարձած է Հայկական Ցեղասպանութեան որբերուն հիւսած գորգը ցուցադրելու առաջարկին դէմ դնող Սպիտակ տան որոշումին, եւ ցաւ յայտնած է, որ պատմական կարեւոր արժէք ներկայացնող այդ գործը մնացած է Սպիտակ տան պահեստանոցին մէջ ու հազուադէպօրէն ցուցադրուած է:
««Սմիթսոնիըն» թանգարանին մէջ կար միջոցառում մը, որուն ընթացքին պիտի ցուցադրուէր գորգը, սակայն Սպիտակ տունը մերժեց զայն տրամադրել՝ նշելով, որ այդ մէկը պատշաճ միջոցառում մը չէ: Ես հիմա կը կազմակերպեմ այլ միջոցառում մը՝ Քոնկրեսի շէնքին մէջ, ուր լուսարձակի տակ պիտի առնուին Ցեղասպանութեան օրերուն եւ անկէ ետք շարք մը կազմակերպութիւններու տրամադրած օգնութիւնները: Ես դիմած եմ Սպիտակ տան՝ փափաք յայտնելով, որ գորգը տրամադրուի: Կայ նաեւ նշեալ գորգին «քոյր գորգ»ը, որ կը յուսանք ցուցադրել, եթէ անոնք իրենց որոշումը չփոխեն: Ինծի համար այս մէկը անարդարութիւն է: Քանի որ վարչակազմը յստակ կերպով չի խօսիր Ցեղասպանութեան մասին, իրեն համար դժուար է ցուցադրել Ցեղասպանութեան վերաբերեալ շօշափելի պատմական փաստ մը: Մենք մինչեւ Ցեղասպանութեան 100ամեակ 14 ամիս ունինք՝ առաւելագոյն ճնշումը բանեցնելու թէ՛ վարչակազմին եւ թէ Քոնկրեսին վրայ, որպէսզի անոնք ճանչնան Ցեղասպանութիւնը: Ես յոյս ունիմ, որ նախագահը, որ իբրեւ թեկնածու խօսած էր Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, իր խոստումը կը յարգէ իր պաշտօնավարման ժամանակ: Կը կարծեմ, որ մեզի համար ամենալաւ հնարաւորութիւնը Ցեղասպանութեան 100ամեակն է», ըսած է Շիֆ:
Ան հարցազրոյցին ընթացքին խօսած է նաեւ Արցախի ճակատին վրայ վերջին քանի մը օրերուն զինեալ միջադէպերու ժամանակ զինուոր Արմէն Յովհաննիսեանի սպանութեան, ինչպէս նաեւ նախագահ Պարաք Օպամայի առաջարկած «Խոստումի գօտի»ներէն մէկուն մէջ Փոքրիկ Հայաստանը ներառելու որոշումին մասին:
Հարցազրոյցը ամբողջութեամբ կարելի է դիտել՝ այցելելով asbarez.com/118752/exclusive-schiff-discusses-latest-soldier-death-obamas-promise-zone կայքէջը: