
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Յունուար 28ին հայ-ատրպէյճանական սահմանագիծի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական դիրքին մէջ հակառակորդ արձակազէնի կրակոցէն մահացած զինուորական ծառայող Կարէն Գալստեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ 31 Յունուարին, Սիսիանի քաղաքային պանթէոնին մէջ։
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 30 Յունուարին ստորագրած է հրամանագիր մը, համաձայն որուն՝ «Լեռնային Ղարաբաղի պետական սահմանը պաշտպանելիս ցուցաբերած արիութեան համար Կարէն Գալստեանը յետ մահու պարգեւատրուել է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով»:
30 Յունուարին մօտ հարիւր քաղաքացիներ մոմավառութիւն կատարեցին Սիսիանի հրապարակին վրայ տեղադրուած Կարէնի լուսանկարին մօտ: Մոմավառութիւնը կազմակերպած է Սիսիանի քաղաքապետարանը: «Մարդիկ եկան մոմեր վառեցին, իսկ հիմա էլ մոմերով երթով շարժւում ենք դէպի Կարէնենց տուն: Իրենց տունը Սիսիան քաղաքի ծայրամասում է, որը գտնւում է Ոյծ գիւղի հարեւանութեամբ: Մարդիկ շատ ծանր են տանում կորուստը. երիտասարդ, համեստ, խելօք տղայ էր», նշած են անոր ընկերները։