
28 Յունուար-1 Փետրուար, Քոթայամի մէջ (Հնդկաստան), Հնդիկ ուղղափառ եկեղեցւոյ Պասիլիոս Թոմա Փաւլոս Բ. կաթողիկոսի հրաւէրով, գումարուեցաւ Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ (ոչ-քաղկեդոնական) եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան տասնմէկերորդ ժողովը։
Հայ Եկեղեցին իր հայրապետական երկու Ս. աթոռներով մասնակցեցաւ այս աստուածաբանական երկխօսութեան։
Յանուն Ս. Էջմիածինի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Յովակիմ եպս. Մանուկեան եւ Շահէ վրդ. Անանեան։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ լաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, որ նաեւ կարտինալ Քուրթ Քոխի հետ ժողովին համաատենապետութիւնը վարեց։
28 Յունուարին, Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները առանձին հանդիպում ունեցան եւ քննարկեցին իրենց եկեղեցիներուն առնչուած միջեկեղեցական հարցեր։
29 Յունուարէն 1 Փետրուար, յանձնաժողովը քննարկեց «Ծէսը, սուրբ պատարագը եւ ուխտագնացութիւնը քրիստոնէութեան առաջին հինգ դարերուն՝ որպէս եկեղեցիներուն միջեւ եղած հաղորդութեան ու հաղորդակցութեան ազդակ» նիւթը։
29 Յունուարին, Պասիլիոս Թոմա Փաւլոս Բ. կաթողիկոս պաշտօնական ընթրիքով պատուեց յանձնաժողովի անդամները։
Ընթրիքի ընթացքին Նարեկ սրբազան ողջոյնի խօսք ուղղեց եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու հգեւոր պետերուն։
30 Յունուարին, կարտինալ Քուրթ Քոխ եւ Նարեկ սրբազան առանձին հանդիպում ունեցան։ Սրբազանը Արամ Ա. կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց Ֆրանսիս պապին. առաւել, ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ 15-17 Յունուարին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կազմակերպած «Ժընեւ 2» ժողովի նախօրեակին կայացած խորհրդաժողովին ընթացքին Արամ Ա. վեհափառի բանալի դերակատարութեան։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Սուրիոյ կացութիւնը, քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշումը 2015ին։
Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան տասներկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 24-31 Յունուար 2015ին, Վատիկանի մէջ։