Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին՝ ԻՆԱԼՔՕի SeDyL գիտաշխատանոցը նախաձեռնած է աշխատանքի մը, որ կը միտի հետազօտել Ֆրանսայի մէջ արեւմտահայերէնի ներկայ իրավիճակը՝ հետազօտութեան գիտական պատասխանատու ունենալով Անահիտ Տօնապետեանը:
Ծրագիրը կը վայելէ հովանաւորութիւնը Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարութեան Ֆրանսերէնի ընդհանուր պատուիրակութեան Լեզուական գործածութեանց դիտարանին (DGLFLF-Observatoire des pratiques linguistiques) եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին: Այս շրջագիծին մէջ կազմակերպուած է «Արեւմտահայերէնի գործածութիւնը Ֆրանսայի մէջ» խորագրեալ հարցախոյզ մը: Անիկա պիտի իրագործուի առցանց եւ ազատ՝ մասնակցութիւնը կամաւոր է:
Որպէսզի հարցախոյզը ունենայ բաւարար վիճակագրական արժէք, անիկա պէտք է բաղկացած ըլլայ առնուազն 2000 պատասխաններէ, քանի որ առցանց հարցարանը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ ստանալու այս թիւը գերազանցող պատասխաններու քանակ:
Առցանց հարցարանին եւ հետազօտութեան կայքէջին ծանօթանալ փափաքողները կրնան օգտագործել հետեւեալ յղումը՝
http://sites.google.com/site/enquetearmoccidental/
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.