
Միջազգային համբաւ վայելող հայ ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեան հռչակուած է աշխարհի լաւագոյն երիտասարդ երաժիշտը: Այս կոչումը կը շնորհուի զուիցերական «Credit Swiss» դրամատան կողմէ հաստատուած տարեկան մրցանակին առիթով:
Կը տեղեկանանք, թէ այս տարուան մրցանակին արժանացած է Խաչատրեան, որ Յունուարի վերջաւորութեան Վիեննայի մէջ պարգեւատրուած է հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին: Մրցումին դատակազմը գըլխաւորած է Միխայիլ Կաֆլիկեր, որ գեղարուեստական ղեկավարն է Լիւցերնի փառատօնին: Միեւնոյն ժամանակ Սերկէյ Խաչատրեան արժանացած է 45 հազար զուիցերական ֆրանք դրամական պարգեւի: Երաժշտական բնագաւառէն ներս այս մէկը ամենաբարձր մրցանակներէն կը նկատուի: Այս պարգեւատրումը միանգամայն հայ երաժիշտին առիթ կու տայ մասնակցելու համերգի մը՝ Վիեննայի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ: