
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Փարալլըլզ ֆիլմզ» շարժապատկերի անկախ ընկերութիւնը, «Շարմ հոլտինկ»ը եւ «Հայաստանի ազգային կինոկենտրոն»ը 6 Մարտին «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ պիտի ներկայացնէ բեմադրիչ Մարինէ Զաքարեանի «Կիսալուսնի Ծովածոցը» ժապաւէնը: «Հայաստանի ազգային կինոկենտրոն»ի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ երեւանեան անդրանիկ ցուցադրութենէն ետք «Կիսալուսնի Ծովածոց»ը պիտի ցուցադրուի երեւանեան շարժապատկերի այլ սրահներու մէջ, պիտի ներկայացուի «Հայակ» ազգային շարժապատկերի մրցանակաբաշխութեան, ապա Քաննի շարժապատկերի շուկային մէջ:
«Կիսալուսնի Ծովածոցը» Ուիլիըմ Սարոյեանի ստեղծագործութիւններուն վրայ հիմնուած, չորս շարժապատկերի բեմագրութիւններէ կազմուած երկարատեւ ժապաւէն է, որուն գործողութիւնները կը կատարուին Կիսալուսնի ծովածոց կոչուող մտացածին քաղաքին մէջ:
Հերոսները պատանիներ են, որոնց անկեղծ ու ազնիւ հայեացքը կեանքին՝ ժապաւէնին հիմնական առանցքն է: Ժապաւէնը սերունդի հասունացման մասին է, երբ հերոսները ձեռք կը բերեն աշխարհի ամէնէն կարեւոր բանը՝ հասկնալու կարողութիւնը: Տարուան չորս եղանակներուն տեղի ունեցող պատմութիւնները կը վերածուին գովքի՝ Աստուծոյ ստեղծած աշխարհին եւ Մարդուն:
Ժապաւէնի լուսանկարիչն է Միհրան Ստեփանեանը, երաժշտահանը՝ Լիլիթ Նաւասարդեանը, ձայնա-ւորողը՝ Լեւոն Նաւասարդեանը:
Ժապաւէնին մէջ օգտագործուած է «Քամ ան– մայ հորս» երգը՝ Ու. Սարոյեանի խօսքերով, Ռոզ Բաղդասարեանի երաժշտութեամբ, ուր կայ Սարոյեանի ձայնը: Ժապաւէնի արտադրիչներն են Յովհաննէս Գալստեանը, Գէորգ Գէորգեանը եւ Կարէն Ղազարեանը:
Ժապաւէնին մէջ դերեր ստանձնած են Սօս եւ Կարէն æանիբեկեանները, Աշոտ Ադամեանը, Նանոր Պետրոսեանը, Վիվիյեն Բաստաջեանը, Նարինէ Գրիգորեանը, Արա Սարգսեանը, Վարդուհի Ռուշանեանը, Մովսէս Ստեփանեանը, Կարէն Խաչատրեանը: Պատանիներու դերերով հանդէս կու գան Սամուէլ Վարդանեանը, Ալեքս Բաբայեանը, Անի եւ Սոնա Գալստեանները, Սարգիս Յարութիւնեանը, Աստղիկ Վարդանեանը եւ Ամալեա Զաքարեանը: