ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Յունուար 30ին, ՀՄԸՄ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղէն Արթօ Ղազարեանս Ամերիկայի «Պոյ Սքաուց»ի Վըրտուկօ Հիլզի մասնաճիւղին կողմէ մեծարուեցաւ «Արծաթեայ ջրշուն» (Silver Beaver) մրցանակով, մասնաճիւղի տարեկան ճաշկերոյթին ընթացքին:
Մրցանակը բարձրագոյնն է, զոր «Պոյ Սքաուց»ը կը շնորհէ չափահաս կամաւորներու, որոնք երկար տարիներով իրենց ժամանակը նուիրած են նոր սերունդի դաստիարակութեան ջանքերուն: Արդարեւ, Ղազարեանս երկար տարիներով օրինակելի ղեկավարութիւն ցուցաբերած է՝ զգալիօրէն բարելաւելով «Արարատ» մասնաճիւղի սկաուտական շարքերը:
«Արարատ» մասնաճիւղը կը շնորհաւորէ Արթօ Ղազարեանսի այս իրագործումը՝ յիշելով, որ ան Իրանի մէջ 8 տարեկանէն միացած է սկաուտական շարքերուն եւ հաւատարիմ մնալով ՀՄԸՄի «Բարձրացիր բարձրացուր» նշանաբանին՝ գործնականապէս նպաստած է իր անդամակցած կազմակերպութեանց բարելաւումին: Ան 1998ին միացած է Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին եւ անոր սկաուտական շարքերէն ներս, ինչպէս նաեւ իբրեւ վարչական ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ: Ան միաժամանակ անդամակցած է Ամերիկայի «Պոյ Սքաուց»ի Վըրտուկօ Հիլզի մասնաճիւղին ու եղած է անոր վարչութեան անդամ: Ան նաեւ 1983էն ի վեր քաղաքային ճարտարապետութեամբ կը զբաղի Կլենտէյլի մէջ, ու այդ հանգամանքով իր մասնակցութիւնը կը բերէ Փասատինայի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձան մը կառուցելու նախաձեռնութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.