
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս» կը տեղեկացնէ, թէ մինչ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութիւնը կը շարունակէ քննել երկլեզու դասաւանդումները մինչեւ աւարտական դասարան հասցնելու կարելիութիւնը, անցեալ շաբթուան ընթացքին յայտարարուած են անունները այն վարժարաններուն, որոնց մէջ անգլերէնի կողքին այլ լեզուի մը դասաւանդումները տեղի պիտի ունենան:
Նախակրթական վարժարաններու պարագային, երկրորդ լեզուով դասաւանդումները պիտի ըլլան ընդհանուր դասաւանդման առնուազն կէսին չափով, իսկ աւելի բարձր դասարաններու պարագային, երկրորդ լեզուն պիտի դասաւանդուի օրական մէկ դասապահով:
Ըստ առաջարկին՝ հայերէնի յառաջացեալ դասաւանդումները տեղի պիտի ունենան «Հուվըր» եւ Կլենտէյլի երկրորդական, ինչպէս նաեւ «Թօլ» միջնակարգ վարժարաններուն մէջ:
Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ատենապետ Նայիրի Նահապետեան կը յայտնէ, թէ ինք նեցուկ կը կանգնի յառաջացեալ դասաւանդումները մինչեւ 12րդ դասարան շարունակելու առաջարկին: