
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 13 Փետրուարին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորութեամբ կայացած է խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցած են զինուած ուժերու գլխաւոր ղեկավարմար մարմինի պետ, զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրովը, պաշտպանութեան նախարարի եւ ղեկավարման մարմինի պետի տեղակալները, վարչութիւններու պետեր:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են զինուած ուժերու ընդարձակման, խմբաւորումներու ստեղծման, մարտական գործողութիւններու վարման, նոր սպառազինութեան ու ռազմական համակարգերու բաշխման հարցերը, ինչպէս նաեւ հեռահար միջոցներու կիրարկման խնդիրները: Քննարկումներուն մասնակիցները յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են պաշտպանական, ինչպէս նաեւ հակայարձակողական գործողութիւններուն ընթացքին զօրքերու գործունէութեան ձեւերուն եւ եղանակներուն: