
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլ քաղաքի ջուրի եւ ուժանիւթի բաժանմունքը սկսած է համագործակցելու «CEIVA Energy» ընկերութեան հետ, որուն սարքաւորումները առիթ պիտի ընծայեն յաճախորդներուն նուազեցնելու ուժանիւթի օգտագործումը:
Ծրագիրը, որ արդէն իսկ դրական արդիւնքներ տուած է փոքրաթիւ բնակարաններու մէջ փորձելէ ետք, այս հանգրուանին պիտի ընդարձակուի, որպէսզի Կլենտէյլի աւելի մեծ թիւով բնակիչներ կարենան գործնականապէս մասնակից դառնալ ուժանիւթ խնայելու ջանքերուն:
Սոյն սարքաւորումները, ուժանիւթի օգտագործումը չափող թուայնացած գործիքներու տեղեկութիւններէն քաղելով՝ զանոնք կը վերածեն դիւրաւ հասկնալի պատգամներու՝ ուղղուած բնակիչներուն՝ քաջալերելով զանոնք, որ խնայողական քայլերու դիմեն:
Անոնք, որոնք կը փափաքին մաս կազմել սոյն ծրագիրին, կրնան դիմել Կլենտէյլ քաղաքի ջուրի եւ ուժանիւթի բաժանմունքէն Վարսենիկ Աւետիսեանին՝ vavetisian@ci.glendale.ca.us հասցէով: