ԱՆԳԱՐԱ, ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Չորեքշաբթի, Փետրուար 26ին, մինչ Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուէր վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին վերագրուած արձանագրութեան շուրջ վէճը, հազարաւոր ցուցարարներ Անգարայի, Պոլսոյ եւ այլ քաղաքներու մէջ ցոյցեր կատարեցին՝ պահանջելով վարչապետին պաշտօնազրկումը: Ոստիկանութիւնը նաեւ Անգարայի մէջ բախում մը ունեցաւ դէպի խորհրդարան յառաջանալ փորձող խումբ մը ցուցարարներու հետ:
Ըստ հեռաձայնային արձանագրութեան՝ վարչապետը անցեալ տարուան Դեկտեմբեր 17ին, երբ բացայայտուած էր պետական պաշտօնատարներու զեղծարարութեանց գայթակղութիւնը, հեռաձայնելով իր որդւոյն՝ Պիլալին, յանձնարարած էր, որ միլիոնաւոր եուրոյի հասնող իր դրամները թաքցնէ, քանի որ խուզարկումներ կրնան կատարուիլ: Պիլալ պատասխանած է, որ դրամները ցրուած է արդէն եւ «միայն 30 միլիոն եուրօ մնացած է»։
Էրտողան եւ իշխանութեան զանազան ներկայացուցիչներ կը շարունակեն պնդել, թէ արձանագրութիւնը շինծու է ու կատարուած է «զուգահեռ պետութեան» կողմէ, կառավարութիւնը տապալելու նպատակով։ Իրենց կարգին, ընդդիմադիր կուսակցութիւնները Էրտողանին հրաժարականը կը պահանջեն։ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Քեմալ Քըլըճտարօղլու ըսած է. «Աղրը լեռը )Արարատ) որքա՛ն իրական է, արձանագրութիւնը նոյնքա՛ն իրական է»։
Միջազգային մամուլը լայնօրէն արձագանգած էր Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած այս նոր գայթակղութեան. նոյնիսկ կարգ մը թերթեր, Թուրքիոյ թերթերուն չըրածը ընելով՝ տող առ տող հրատարակած են զրոյցին պարունակութիւնը:
Կարգ մը մասնագէտներ դիտել տուած են, որ արձանագրութիւնը շինծու չէ՝ ըսելով, որ եթէ շինծու ըլլար, անպայման կեղծումէն հետք մը կը մնար։ Սակայն ուրիշներ նկատել կու տան, թէ Էրտողան Դեկտեմբեր 17էն առաջ իսկ պնդած էր, որ իր հեռաձայնային խօսակցութեանց եւս կը հետեւին գաղտնօրէն, ուստի կրնա՞ր իր որդւոյն հետ այսքան վտանգաւոր հարցի մը մասին այսքա՛ն յստակ խօսիլ հեռաձայնով, այդ ալ՝ քանի մը անգամ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.