Հարցազրոյց ՀՕՄի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի Ատենապետուհի Նորա Շիրիքեանի Հետ
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Երբ եւ ինչպէ՞ս հիմնուած է ՀՕՄի «Էրեբունի» մասնաճիւղը. կրնա՞ք պատմական ակնարկ մը տալ այդ մասին:
ՆՈՐԱ ՇԻՐԻՔԵԱՆ.- Նախկին անունով՝ «Օքլընտի Կարմիր Խա»չը հիմնուած է Մարտ 9, 1934ին, Գարեգին Նժդեհի նախաձեռնութեամբ եւ ընկերուհի Սիրանոյշ Կիւլեսերեանի օժանդակութեամբ՝ 16 ընկերուհիներով: Առաջին ընտրեալ վարչութեան կազմի անդամները եղած են Վարդուհի Նազարեան (ատենապետուհի), Զապէլ Մուրատեան (ատենադպրուհի) եւ Եւկինէ Շահոյեան (գանձապահուհի): Ընկերուհի Սիրանոյշ Կիւլեսերեան հետեւեալ պատգամը տուած է ընկերուհիներուն. «Յաջողելու համար մեր նպատակներուն մէջ, անհրաժեշտ է ունենալ հաւատք, անկեղծութիւն եւ կարգապահութիւն: Կազմակերպութեան մը ուժն ու հմայքը կը կայանայ իր անդամներու կարգապահութեան մէջ»: Հիմնադրութենէն ամիջապէս ետք աշխատանքները շարունակուած են կանոնաւոր ձեւով: Անոնք ունեցած են տարեկան ձեռնարկներ, դաշտագնացութիւններ եւ հացկերոյթներ: 1946էն 1950, նոր ընտանիքներ հաստատուած են Օքլընտի շրջանները: ՀՕՄը տարած է ժրաջան աշխատանք՝ օգտակար ըլլալու նոր եկած ընտանիքներուն, որոնցմէ շատեր միացած են ՀՕՄին: Նաեւ իրենց հասութաբեր ձեռնարկներով կրցած են օգտակար դառնալ Միջին Արեւելքի եւ Պաղեստինի մէջ գտնուող կարօտեալ հայ ընտանիքներուն, դպրոցներուն ու որբանոցներուն: Անոնք նաեւ միշտ մասնակցած են գաղութային եւ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան աշխատանքներուն ու նիւթապէս նպաստած են Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շինութեան յանձնախումբին: 1986 թուականին, մասնաճիւղը վերանուանուած է Օքլրնտի «Էրեբունի» մասնաճիւղ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- ՀՕՄի «Էրեբունի» մասնաճիւղի վերջին 25 տարիներու աշխատանքներուն մասին ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք տալ:
ՆՈՐԱ ՇԻՐԻՔԵԱՆ.- ՀՕՄի «Էրեբունի» մասնաճիւղը իր ուրբաթօրեայ դպրոցը հիմնեց 1992-93 տարեշրջանին. ամէն Ուրբաթ օր մեր ընկերուհիները կամաւոր կերպով կու գան օգտակար ըլլալու դպրոցին: Դպրոցը 21 տարիներէ ի վեր կը գոյատեւէ շնորհիւ մեր ընկերուհիներուն: Մեր դպրոցի աշխատանքներուն կողքին, մասնաճիւղս կատարած է նաեւ հետեւեալ աշխատանքները՝ դաշտագնացութիւններ, Նոր Տարուան ձեռագործերու կրպակ, խմորեղէնի վաճառք եւ Հերիսայի ճաշկերոյթ, ինչպէս նաեւ «Մայր ու Աղջկայ» թէյասեղան, Միջինքի ճաշ, Նոր Տարուան եւ դպրոցի ամավերջի հանդէսներուն՝ ճաշ: Հոս պզտիկ յիշեցում մը. բոլոր ձեռնարկներուն, մեր ընկերուհիները կը պատրաստեն համադամ ճաշերը, որպէսզի ամբողջ հասոյթը մասնաճիւղիս մնայ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- ՀՕՄի «Էրեբունի» մասնաճիւղը Օքլընտի հայ գաղութի օգտին ի՞նչ աշխատանքներ կը տանի, եւ ի՞նչ է ձեր անդամներուն թիւը:
ՆՈՐԱ ՇԻՐԻՔԵԱՆ.- Օքլընտի հայ գաղութին կարեւորագոյն աշխատանքը մեր դպրոցն է: Շրջանիս վերաբերեալ մեր աշխատանքներուն մաս կը կազմեն կրթաթոշակներ տրամադրելը այն աշակերտներուն, որոնք կարիք ունին: ԳԶՎի՝ մեր միակ հայկական վարժարանի, աշակերտներուն կու տանք կրթանպաստներ, ամավերջի հանդիսութեան ընթացքին: Տուած ենք կրթանպաստներ առաջին տարի համալսարան յաճախող աշակերտներու: Կու տանք նուիրատուութիւններ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, Ս. Վարդան եկեղեցւոյ, տարին անգամ մը ճաշի նուիրատուութիւն՝ ՀՕՄի «Կարին» մասնաճիւղի տարեցներուն. նաեւ, շրջանիս ՀՄԸՄի «Կարս» մասնաճիւղին նեցուկ կանգնած ենք եւ օգտակար եղած ենք անշուշտ Ծովածոցի բոլոր հայկական միութիւններուն՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս: Ներկայիս, մասնաճիւղիս անդամներուն թիւն է՝ 23 գործօն եւ 17 օժանդակ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ձեր մասնաճիւղը Հայաստանի, Ղարաբաղի կամ սուրիահայութեան ի նպաստ որեւէ աշխատանք տարա՞ծ է:
ՆՈՐԱ ՇԻՐԻՔԵԱՆ.- Այո՛, եւ բազմաթիւ անգամներ: Հայաստանի երկրաշարժի աղէտեալներուն շտապ օգնութիւն, սննդեղէն, դեղորայք եւ հագուստեղէն հասցուցած ենք: Նաեւ, խօսելու դժուարութիւն ունեցողներուն յատուկ Երեւանի թիւ 8 միակ գիշերօթիկ դպրոցին նուիրած ենք 150 հոգիի համար պնակեղէնի լման սարքաւորումներ: Արաբկիրի շրջանի մանկատան՝ հագուստներ եւ հեռատեսիլ: Բիւրեղաւանի մէջ, որ Աբովեանի արուարձան մըն է, «Պնակ մը կերակուր» ծրագիրին ներկայ եղած ենք եւ բաժնած ճաշեր, ինչպէս նաեւ բոլոր 115 երեխաներուն՝ ձմեռնային կօշիկներ եւ վերարկուներ: Մեր մասնաճիւղը, նաեւ մասնաճիւղի անդամները որդեգրած են 21 որբեր՝ Արցախէն եւ Հայաստանէն: Մասնակցած ենք Շրջանայինի Արցախի եւ æաւախքի ֆոնտի աշխատանքներուն՝ կազմակերպելով շարք մը ձեռնարկներ: Հագուստեղէն ղրկած ենք Նոր Խարբերդի հաշմանդամ երեխաներու գիշերօթիկ դպրոցին: Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի 5 ուսանողներու կրթաթոշակներ տրամադրած ենք, եւ տակաւին շարքը երկար է: Սուրիահայերուն ի նպաստ նուիրատուութիւններ ըրած ենք թէ՛ ՀՕՄի «Էրեբունի»ի մասնաճիւղին եւ թէ մեր անդամներուն կողմէ՝ անձնապէս, երբ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տեղի ունեցաւ հանգանակային ձեռնարկ՝ սուրիահայութեան համար: 80ամեակի այս ձեռնարկի հասոյթէն մաս մը եւս պիտի յատկացուի սուրիահայութեան, ՀՕՄի Շրջանայինի ու Կեդրոնականի աշխատանքներուն եւ վառելանիւթի բաշխման՝ տակաւին Հալէպի մէջ մնացող ընտանիքներուն:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Կրնա՞ք «Էրեբունի» մասնաճիւղի ուրբաթօրեայ վարժարանին մասին տեղեկութիւններ տալ: Ի՞նչ է աշակերտութեան թիւը:
ՆՈՐԱ ՇԻՐԻՔԵԱՆ.- «Էրեբունի» մասնաճիւղիս ուրբաթօրեայ վարժարանը հիմնուած է Փետրուար 1993ին: Տարիներու ընթացքին շրջանի հայ ծնողները կը շատնան ու իրարու քով գալով՝ պզտիկ դպրոց մը կը հիմնեն: Ապա ծնողները կը դիմեն ՀՕՄի «Էրեբունի» մասնաճիւղին, որ սիրով կը ստանձնէ հովանաւորութիւնն ու կը հիմնէ Ուրբաթօրեայ դպրոցը՝ 48 աշակերտներով: Առաջին տնօրէնը եղած է Լուսին Իսրայէլեանը: Կը գոյատեւենք 21 տարիէ ի վեր: Դպրոցը կը համախմբէ հայ ընտանիքները. երբ իրենց երեխաները դպրոց կը բերեն, անոնք իրարու կը ծանօթանան, լաւ ընկերներ կը դառնան ու կ՛ըլլան ՀՕՄի «Էրեբունի»ի մեծ ընտանիքի մէկ մասնիկը: Ուրեմն, դպրոցը կ՛իրականացնէ երկու նպատակ՝ հայակերտում եւ հայկական ընկերային կեանքի իրականացում Սփիւռքի այս ափերուն վրայ: Դպրոցը գլխաւորաբար կը դասաւանդէ հայերէն լեզու, հայոց պատմութիւն եւ երգ ու պար. կ՛ունենանք դաստիարակչական ձեռնարկներ՝ աշակերտներուն եւ ծնողներուն համար, ինչպէս նաեւ՝ դաշտագնացութիւններ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ի՞նչ ծրագիրներ ունիք գործադրելիք մասնաճիւղի 80ամեակի տօնակատարութեան առթիւ:
ՆՈՐԱ ՇԻՐԻՔԵԱՆ.- Մեր հրաւէրները արդէն իսկ ղրկած ենք Ծովածոցի հայութեան, նաեւ ուղարկած ենք նամակներ՝ շրջանիս բոլոր քոյր միութիւններուն եւ եկեղեցիներուն, տօնելու համար այս պատմական 80ամեակը մեզի հետ: Պիտի ունենանք յատուկ յայտագիր: Հիւր բանախօսը պիտի ըլլայ մեր սիրուած ընկերուհիներէն Ալիս Պետրոսեանը՝ Լոս Անճելըսէն: Կ՛ուզեմ յիշեցնել, թէ տարիներ առաջ ան եղած է մեր մասնաճիւղի անդամը: Օրուան հանդիսավարը պիտի ըլլայ մեր գաղութէն դոկտ. Կարօ Միրիկեան, եւ տակաւին պիտի ունենանք ուրիշ անակնկալներ, լուռ աճուրդ եւ համադամ ճաշեր: Պիտի ունենանք նուիրատուութիւններու յատուկ տուփեր, որոնցմէ գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի ՀՕՄի Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներուն, մեր դպրոցին եւ սուրիահայութեան:
Կը խնդրենք Ծովածոցի մեր հայ գաղութէն քաջալերել մեզ՝ ներկայ գտնուելով ձեռնարկին: Տոմսերուն արժէքն է 25 տոլար: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մարտ 8ին, կ.ե. ժամը 2:30էն սկսեալ, «Սարոյեան» սրահին մէջ: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել (510) 468-9579 կամ (510) 882-4303 թիւերուն:
ՀՕՄի «Էրեբունի» մասնաճիւղին նպատակն է շարունակել մեր ազգանուէր աշխատանքները, հզօրացնել մեր շարքերը, մեր նոր սերունդին լաւ օրինակ ըլլալ՝ մեր համերաշխութեամբ եւ կեցուածքով: 80 տարի գոյատեւելը կը պարտինք մեր ընկերուհիներու կարգապահութեան, հզօր հաւատքին եւ անկեղծութեան: Ապրի՛ն ՀՕՄի բոլոր ընկերուհիները. ուժ եւ կորով բոլորին: Աստուած հոգիները լուսաւորէ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած բոլոր ընկերուհիներուն: