
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ կառավարութեան մէջ ստեղծուած է յատուկ յանձնախումբ մը, որ պիտի զբաղի Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին կապակցութեամբ հայութեան իրագործելիք միջոցառումներուն դէմ գործողութիւններու կազմակերպումով:
Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին՝ Թուրքիոյ կառավարութեան այս յատուկ մարմինը նամակներ ղրկած է բոլոր նախարարութիւններուն՝ պահանջելով, որ անոնք գործողութիւններու ծրագիր կամ առաջարկներ ներկայացնեն Ցեղասպանութեան մասին «հայկական պնդումներ»ուն դէմ:
«Յանձնախումբի ստեղծման նախաձեռնած են Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերու եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնները, ինչպէս