
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Քաղաքագէտ Լեւոն Մելիք-Շահնազարեան լրագրողներուն դատին յանձնեց «Ատրպէյճանական հակամարտութիւնը գծագրեց Լեռնային Ղարաբաղի սահմանները» ռուսերէն գիրքը։ 12 Մարտին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հեղինակը շեշտած է, որ ասիկա իր առաջին աշխատութիւնը չէ, սակայն առաջինն է, որ ան կը փափաքի ներկայացնել նաեւ լրագրողներուն ուշադրութեան: «Որովհետեւ մեր պետութիւնը ունի լրագրողների օգնութիւնը: Գիրքը ստեղծուել է ժամանակին իմ հրատարակուած յօդուածների հիման վրայ», նշած է Մելիք-Շահնազարեան: Անոր համաձայն՝ գիրքին մէջ ի մի բերուած յօդուածները կ՛ամփոփեն ռազմական, գաղտնի պահուած 11 կարեւոր փաստաթուղթեր:
Գիրքը գրուած է իբրեւ պատասխան Ատրպէյճանի կողմէ շահարկուող այն տեսակէտին, թէ Հայաստանը յարձակողական եղած է եւ բռնութիւն ցուցաբերած է իրենց նկատմամբ: «Գրքում տեղ գտած նիւթերը համոզիչ հաստատումն են, որ 1991 թուականին Ադրբեջանը կատարել է ուղիղ ռազմական ագրեսիա՝ ինքնահաստատուած եւ իր պետական անկախութեան մասին յայտարարած Արցախի Հանրապետութեան հանդէպ», դիտել տուած է քաղաքագէտը:
«Փաստաթղթերի մեծ մասը 1992 թուականին ձեռք է բերուել պատերազմի ժամանակ մեր հետախուզութեան ջանքերի շնորհիւ: Այն, ինչ յայտնուել է մեր ձեռքին, ժամանակին համարւում էր կորած, բայց, բարեբախտաբար, կորած չէ», պարզաբանած է ան՝ աւելցնելով, որ այս նիւթերը ամբողջովին «ջարդում են» Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան այսօրուան բանակցութիւններու տրամաբանութիւնը:
«Ադրբեջանը փորձել է կատարել ցեղասպանութիւն Արցախի բնակչութեան հանդէպ եւ կատարել է ագրեսիա: Ես հրաւիրում եմ միջազգային ատեանների ուշադրութիւնն այս փաստի վրայ եւ վստահ եմ, որ այս նիւթերը ամբողջովին կը փոխեն բանակցութիւնների տրամաբանութիւնը», նշած է Մելիք-Շահնազարեանը:
«Ատրպէյճանական Հակամարտութիւնը Գծագրեց Լեռնային Ղարաբաղի Սահմանները» գիրքին մէջ ներկայացուած փաստաթուղթերը ռուսերէնով են: Հեղինակին կարծիքով, անոնց բնօրինակը ներկայացնելը առաւել նպատակայարմար է: Յառաջաբանը գրած է Ռուսիոյ ռազմավարական հիմնարկի կովկասեան բաժնի պետ Եանա Ամելինան:
Աշխատութիւնը տպագրուած է հեղինակին նիւթական միջոցներով, 800 տպաքանակով եւ չի վաճառուիր: Մելիք-Շահնազարեան գիրքը ուղարկած է Սթրազպուրկի, Պրիւքսէլի եւ համաշխարհային քաղաքականութեան այլ կեդրոններուն մէջ տեղակայուած տարբեր միջազգային դիւանագիտական կառոյցներ: Գիրքի լոյս ընծայման մասին տեղեակ են նաեւ ատրպէյճանական իշխանութիւնները: Գիրքին մէջ տեղ գտած տեղեկատուութիւնը յառաջիկային հասանելի պիտի ըլլայ նաեւ vaskanapat.info կայքին ճամբով: