ՀՕՄի Պապայեան մանկապարտէզի, Գոլոլեան նախակրթարանի եւ երկրորդական վարժարանի 2013-2014 տարեշրջանի Թելեթոնը տեղի ունեցաւ 15 եւ 22 Փետրուար 2014ին: Այս տարուան Թելեթոնը կը զուգադիպէր դպրոցի 35ամեակին:
Թելեթոնի 7րդ տարեկան հանգանակութեան նպատակն էր՝ հաւասարակշռել դպրոցին պիւտճէն: Նկատի ունենալով, որ դպրոցը ոչ մէկ կառավարական օգնութիւն կը ստանայ, այս տարեկան Թելեթոնը կրթաթոշակներու կողքին, կը հաւասարակշռէ դպրոցի նիւթականը, կ՛ապահովէ բարձրագոյն ուսումնական ծրագիր ու կազմ, առիթներ կը ստեղծէ 7-9րդ դասարաններու աշակերտներուն հետեւելու մասնագիտացած ճամբարներու, ինչպէս նաեւ 10րդ դասարանի Հայաստանագնացութեան եւ 11րդ դասարանի աշակերտներուն համար նպաստներ կ՛ապահովէ Վենետիկի ամառնային դասընթացքներուն մասնակցելու: Այս դրամահաւաքը նաեւ կ՛ապահովէ դպրոցի նորոգութեան զանազան ծախսերը:
Իրերայաջորդ 2 Շաբաթ օրերու ընթացքին «Թելեթոն 2014»ի յայտագիրը սփռուեցաւ OMNI-1 պատկերասփիւռի կայանի «Նոր Հայ Հորիզոն» յայտագիրէն: Նախքան Թելեթոնը, յաջորդական 3 ամիսներու ընթացքին՝ Նոյեմբեր 2013, Դեկտեմբեր 2013 եւ Յունուար 2014ին, «Նոր Հայ Հորիզոն» յայտագիրէն դպրոցին յատկացուած 10 վայրկեան տեւողութեամբ OMNI-1 կայանէն սփռուեցան ծրագիրներ, որոնք բաւական անդրադարձ ունեցան եւ հանրութեան ուշադրութեան առարկայ դարձան:
Թելեթոնի երկու շաբաթներուն ընթացքին, վարժարանի Կրթական մարմինի ատենապետուհի Անի Հոթոյեան-Ժոլի եւ Կրթական մարմինի հաշուապահ՝ Ժագլին Աճէմեան ներկայացուցին դպրոցի ներկայ նիւթական վիճակը եւ կոչ ուղղեցին նուիրատուներուն՝ մասնակից դառնալու դպրոցի հանգանակութեան:
Շնորհիւ բոլոր նուիրատուներու մասնակցութեան գոյացաւ 300,000 տոլարի գումար մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.