
ՈՒԻՆԵԹՔԱ.- Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան հովանիին տակ գործող Պոլսոյ Էսայեան վարժարանի շր-ջանաւարտից միութեան կողմէ կազմակերպուած աւանդական «Բաժակի Պահ» տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մարտ 29ին, երեկոյեան ժամը 8ին. ընթացքին պիտի մեծարուին վարժարանի շրջանաւարտ ուսուցիչներ:
Երեկոն պիտի խանդավառէ «Տի.Ճէյ. Յարութ»ը: Մասնակցութեան սակը՝ ներառեալ ճաշ եւ գինի, 50 տոլար է: Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 363-0959 կամ (818) 348-2248 թիւերուն: