

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանի՝ Բուն Բարեկենդանի եւ Վարդանանցի նուիրուած հանդէսը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Փետրուար 26ին, հայկական բաժանմունքին կազմակերպութեամբ: Փետրուար ամսուան ընթացքին աշակերտները մօտէն ծանօթացած էին այս տօներուն:
Հանդիսութեան բացումը աղօթքով կատարեց վարժարանի կրօնի ուսուցիչ Սեւակ սրկ. Պատոյեան, ապա 8րդ դասարանի աշակերտներ Էմըլի Ալայեան, Դալար Արզումանեան եւ Օլիա Տալաքիշվիլի անգլերէնով եւ հայերէնով բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն ու խօսեցան երկու տօներուն մասին:
Ապա, աշակերտները սոյն տօներուն նուիրուած բանաստեղծութիւններ, երգեր եւ բեմական ներկայացումներ հրամցուցին: Աշակերտները այս առիթով դիմակներ պատրաստած էին. անոնք նաեւ ճաշակեցին հայկական աւանդական ճաշեր: