Ալեքսանտր Հեմոնի խմբագրութեամբ եւ 2010էն ի վեր, տարեկան հերթականութեամբ, լոյս կը տեսնեն Եւրոպայի գրական լաւագոյն ստեղծագործութեանց անգլերէնի թարգմանուած օրինակներուն նուիրուած հատորներ՝ «Best European Fiction» ընդհանուր խորագիրին տակ:
Այս հաւաքածոներէն 2013 թուականի հատորին մէջ լոյս տեսած է յայտնի գրող եւ քննադատ Գրիգոր Պըլտեանի «Անունը Լեզուիս Տակ» հայերէն հատորէն հատուած մը՝ անգլերէնի թարգմանուած Շուշան Աւագեանի կողմէ: Յատկանշական է, որ Լիբանան ծնած եւ Ֆրանսա ապրող Պըլտեանը ներկայացուած է իբրեւ Հայաստանի գրականութեան ներկայացուցիչ մը:
2014ի թիւին մէջ լոյս տեսած է Նինա Գաբրիէլեանի կողմէ ռուսերէն գրուած ու Նաթալի Ռոյի կողմէ թարգմանուած «Քուայէթ Ֆիսթց» արձակ գրութիւնը: Իր կարգին, Գաբրիէլեան ներկայացուած է իբրեւ ռուսական գրականութեան ներկայացուցիչ:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր հատոր մօտաւորապէս 30 գրողներու գործեր կը ծանօթացնէ հանրութեան. հատորները կը հրատարակուին «Տելքի Արքայվ» հրատարակչատունէն, որ կեդրոններ ունի Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Տուր զհարկս արժանաւորաց