
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– ՀՕՄի Արցախի միաւորը աւանդութեան վերածած է իւրաքանչիւր տարուան Հայրենեաց պաշտպանի օրը այցելութիւններ տալ սահմանամերձ շրջաններու զօրամասեր, ուր ՀՕՄականները զինուորականներուն մատուցած են իրենց իսկ ձեռքով պատրաստած ճաշը:
Այս տարի ՀՕՄականները սահմանամերձ զօրամաս տարած են աւանդական հայկական տոլմա, աղցան, թխուածքներ, միրգեր եւ քաղցրաւենիք՝ նախատեսուած 400 զինուորի համար: «Վարչութեան որոշմամբ՝ ընտրուել էր սահմանամերձ ամենահեռու զօրամասը. դա 7րդ պաշտպանական շրջանն էր», յայտնած է ՀՕՄի Արցախի միաւորի ատենապետ Արմինէ Յարութիւնեանը: Անոր համաձայն՝ այս նախաձեռնութիւններու կազմակերպման համար դիմած են պաշտպանութեան նախարարութեան՝ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար. վերջինս սիրով համաձայնած է աջակցիլ ՀՕՄի նախաձեռնութեան: ՀՕՄականներուն սահմանամերձ զօրամաս ընկերակցած է բանակի «Ասպետ» խումբը, որ բարձր տրամադրութիւն տուած է սահմանին ծառայող զինուորներուն:
«Քանի որ մեզ մօտ յարաբերական անդորր է ու թշնամին ամէն անգամ փորձում է ապակայունացնել իրավիճակը եւ սահմանին լարուած իրավիճակներ է ստեղծում, մենք մեր նախաձեռնութեամբ փորձել ենք սահմանին կանգնած զինուորներին, որոնք նաեւ մեր երեխաներն են, մեր մայրական գուրգուրանքն ու աջակցութիւնը ցուցաբերենք, որպէսզի սահմանին կանգնած զինուորը զգայ, որ մենք յիշում ենք իւրաքանչիւր զինուորին, եւ այդ զինուորները գտնւում են բոլոր մայրերի եւ, առհասարակ, ողջ հայութեան ուշադրութեան կենտրոնում», դիտել տուած է Ա. Յարութիւնեան. ան աւելցուցած է. «Մեր նպատակն էր՝ մի փոքրուժ եւ կորով հաղորդել հայրենիքի սահմանին կանգնած մեր զինուորներին: Ինչպէս եւ նախորդ տարի՝ այս տարի եւս տօնական ճաշը մատուցուել է մեր իսկ ձեռքերով»:
Ա. Յարութիւնեանի համաձայն՝ ՀՕՄականներուն այդ ձեռնարկը ոգեւորութիւն պատճառած է ոչ միայն զինուորներուն, այլ նաեւ սպայական կազմի մօտ. «Սպայական կազմը նշեց, որ նման ձեռնարկները յաճախակի չեն կազմակերպւում, մինչդեռ դրանք մեծ ոգեւորութիւն են առաջացնում սահմանին կանգնած զինուորների մօտ»:
Այս նախաձեռնութիւնը իրականացուած է ՀՕՄի Արցախի միաւորի նպատակային ֆոնտի հաշուոյն, որ կազմուած է հովանաւորներուն կողմէ կատարուած նուիրատուութիւններով:
ՀՕՄի Արցախի միաւորի ատենապետը հաստատած է, որ ֆինանսական միջոցներու առկայութեան պարագային նման ձեռնարկներ շատ աւելի յաճախ պիտի կազմակերպեն եւ չեն սպասեր որեւէ օրացուցային օրուան: