
ԻԿԸԼ ՌԱՔ, Քալիֆորնիա.- ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Նաւասարդեան 39րդ մարզախաղերը պաշտօնապէս պիտի սկսին Կիրակի, Մարտ 23ին, կ.ե. ժամը 4:30ին, Վեն Նայսի «Պըրմինկհեմ» երկրորդական վարժարանի մարզադաշտին վրայ, որ վերջին երկու տասնամեակներուն կը հանդիսանայ մարզախաղերու գլխաւոր կեդրոնը:
Այս տարուան մարզախաղերը նուիրուած են ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Միհրան Շիմշիրեանի յիշատակին, որ կազմակերպութեան 95ամեայ պատմութեան ամենանուիրեալ անդամներէն մէկը եղած էր: Անոր տարաժամ մահը կսկիծ պատճառած էր ՀՄԸՄի շարքերէն ներս:
Այս տարուան մարզախաղերուն եւս իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն մօտաւորապէս 3200 մարզիկներ՝ իրարու դէմ մրցելով խմբային ու անհատական զանազան մարզաձեւերու մէջ, ներառեալ՝ պասքեթպոլ, վոլիպոլ, ֆութպոլ, լող, փինկ փոնկ, թենիս եւ ճատրակ:
Մարզախաղերուն կողքին, Մայիս-Յուլիս ամիսներուն ընթացքին տեղի պիտի ունենան շարք մը ձեռնարկներ՝ Նաւասարդեաններու ծիրէն ներս, հասնելով մինչեւ Յուլիս 4ի շաբաթավերջին կայանալիք աւարտական խաղերուն եւ աւանդական չորսօրեայ փառատօնին (Յուլիս 2-5):
Մարզախաղերուն մասին լուրերը դիւրութեամբ հասանելի դարձնելու նպատակով, «Twitter», «Instagram», «YouTube» եւ «Facebook» համացանցային ընկերային ցանցերուն վրայ յատուկ էջեր հաստատուած են, ինչպէս նաեւ՝ ՀՄԸՄի յատուկ ծրագիր մը արտադրուած է («Homenetmen App»): Տեղեկութիւններ տրամադրելի են նաեւ
www.navasartiangames.com կայքէն:
Նաւասարդեան խաղերու Յաղթանակի պարահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Յունիս 28ին, «Cooper Design Space»ի մէջ (860 S. Los Angeles Street, Los Angeles, CA 90041):
Փակման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 5ին, «Պըրմինկհեմ» վարժարանին մէջ (17000 Haynes St. Van Nuys, CA 91406):
Յիշենք, որ ՀՄԸՄը՝ 501(c)3 յօդուածով, տուրքէ զերծ ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւն մըն է: