ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճան իսրայէլեան Aerospace Industries ընկերութենէն պատուիրած է «ELM-288 AD-STAR» եւ «ELM-2106NG» ալեհաւաքներ (ռատար), որոնք կրնան օգտագործուիլ խաղաղ եւ ռազմական նպատակներով:
Ըստ ատրպէյճանական «Հաքքին» լրատուական կայքին՝ այդ ալեհաւաքները բարձր ճշգրտութեամբ ցոյց կու տան մինչեւ 480 քլմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող առարկաներ:
«ELM-2106NG»ը նախատեսուած է մինչեւ 80 քլմ. հեռաւորութեան վրայ՝ ցած բարձրութիւններէ թռչող ինքնաթիռներու, ուղղաթիռներու եւ անօդաչու սարքերու յայտնաբերման համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.