ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, Մարտ 30ին Թուրքիա ապրեցաւ հանրապետական շրջանի ամէնէն բախտորոշ օրերէն մէկը, երբ ընտրապայքարի ծանր ու մաշեցնող օրերէն ետք՝ թուրքերը իրենց քուէն գործածեցին քաղաքապետական ընտրութիւններու համար։ Գլխաւոր չորս կուսակցութիւններու նախագահները օրերէ ի վեր հրապարակներու վրայ շարունակաբար կը ճառէին:
Դեկտեմբեր 17ին իշխող կուսակցութեան դէմ ընդդիմադիրներու կամ ըստ Էրտողանի՝ «զուգահեռ պետութեան» կողմէ դարբնուած կաշառակերութիւններու արշաւը բաւական մաշեցուցած էր մանաւանդ Էրտողանի անձն ու ընտանիքը, իսկ ատոր վրայ վերջին օրերուն աւելցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Սուրիոյ մասին խօսուածներու հրապարակման գայթակղութիւնը։
Այնուամենայնիւ, իշխող կուսակցութիւնը այս պայքարէն դուրս եկաւ յաղթական, սակայն յաղթանակը անցեալի ջախջախիչ յաղթանակներուն նման չէր: Արդարեւ, Էրտողանի կուսակցութիւնը այս անգամ ապահովեց քուէներուն մօտաւորապէս 45 տոկոսը (նախորդ ընտրութենէն 5 տոկոս նուազ), մինչ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը՝ մօտաւորապէս 29 տոկոսը։ Իշխող կուսակցութիւնը պարտութիւն կրեց Իզմիրի եւ Սուրիոյ սահմանակից շրջաններուն մէջ, սակայն երկրի մեծամասնութեան տեղական մարմինները պիտի մնան իշխող կուսակցութեան հակակշիռին տակ:
Պոլսոյ մէջ, քաղաքապետ Գատիր Թօփպաշ այս անգամ իր դիմաց ունէր սիրուած մրցակից մը, որ Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլն էր, որ շատ մաքուր պայքար մը տարած էր, սակայն կրցած է հաւաքել քուէներուն միայն 40 տոկոսը՝ Թօփպաշի 48 տոկոսին դէմ: «Նիուզ» կը յիշեցնէ, թէ Սարըկիւլ, հայկական եկեղեցիներու եւ դպրոցներու վերանորոգման եւ ազգային փոքրամասնութիւններու միջոցառումներուն աջակցելուն համար, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն շքանշան ստացած էր:
Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ յաղթանակած է հանրապետականներու կազմը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ հայազգի Վազգէն Պարընը։ Շիշլիի քաղաքապետ ընտրուած է Հայրի Ինէօնիւ՝ Իսմեթ Ինէօնիւի թոռը, «որ առողջ գաղափարներով քաղաքագէտ մըն էր ու շատ լաւ տպաւորութիւն թողած էր մեր վրայ, երբ եկած էր խմբագրատուն այցելութեան», կը գրէ «Մարմարա»։
Հանրապետականները յաղթանակած են նաեւ հայութեան համար կարեւորութիւն ներկայացնող կարգ մը թաղերու մէջ, ինչպէս՝ Գատըգիւղ, Պաքըրգիւղ եւ Կղզիները։
Երեք մեծ կուսակցութիւններու շարքին, այս անգամ կրցաւ իր անունը արձանագրել տալ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը, որ բաւական լայն տարածութիւններ իր հակակաշիռին տակ առաւ՝ հարաւարեւելեան նահանգներուն մէջ։ Տիգրանակերտի քաղաքապետ ընտրուեցաւ այս կուսակցութեան ծանր հրետանիներէն՝ Կիւլթան Քըշանաքը։
«Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան համար ներողութիւն խնդրած Տիգրանակերտի նախկին քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր չէ յաջողած յաղթանակ ապահովել Ուրֆայի քաղաքապետի ընտրութիւններուն, ուր յաղթանակ տարած է իշխող կուսակցութեան թեկնածուն:
Քուէարկութեան մասնակցութիւնը մրցանշային եղած է (88.7 տոկոս): Կիրակի գիշեր, երբ արդէն իսկ յայտնի դարձաւ, որ իշխող կուսակցութիւնը յաղթանակած էր, Էրտողան տուաւ իր յաղթանակի ճառը։ Շատեր կ՛ակնկալէին, որ վարչապետը այս անգամ գործածէ աւելի շինիչ ոճ մը, բայց իր քով առնելով նաեւ զեղծարարութեամբ ամբաստանուած իր որդին եւ բոլոր նախարարները՝ ան խստօրէն խօսեցաւ իր ընդդիմադիրներուն հասցէին՝ սպառնալով «քանդել անոնց որջերը»։ Թէեւ ան ընդդիմութեան առաջարկեց նոր էջ մը բանալ, սակայն այդ մէկը կը կորսուէր միւս քննադատութիւններու աղմուկին մէջ։
Անգլիական «Կարտիըն» թերթին մէջ, Սայմըն Թիզտէյլ Երկուշաբթի օր գրած է, թէ Էրտողանի կուսակցութեան տարած յաղթանակը կրնայ հարուած մը հասցնել Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական կառոյցները ամրապնդելու ջանքերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.