Հռոմէական կայսրութեան օրերուն, ճամբաներն էին որ միացուցին վիթխարի պետութեան զանազան շրջանները, կարելի դարձնելով բանակներու եւ առեւտուրի ազատ ու յարաբերաբար դիւրին շարժումը կայսրութեան մէկ ծայրէն միւսը։
Երկու հազարամեակ ասդին, Միացեալ Նահանգներու ճամբաներն ու ազատուղիները իրարու կը կապեն երկրի հսկայական տարածքները, այնպէս որ, օրինակ, կարելի է Սան Տիէկոյէն առնել Միջնահանգային թիւ 5 ազատուղին եւ քշել ուղղակի մինչեւ Գանատա, եւ կամ առնել Միջնահանգային թիւ 10 ազատուղին եւ քշել մինչեւ Ֆլորիտա։
Աւելի քան 50 տարի առաջ, Նախագահ Տուայթ Այզընհաուըր հետեւեալը կ՛ըսէր՝ բացատրելով երկրատարած ճանապարհացանցի մը կարիքը. «Արդիական, դիւրամատչելի ազատուղիներու համակարգ մը էական է մեր մեծցող բնակչութեան, ընդարձակուող տնտեսութեան եւ ազգային ապահովութեան պահանջները գոհացնելու համար»։
Այսօր Հայաստանն ու Արցախը պէտք ունին միջհանրապետական ճանապարհային նոր ցանցի մը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ընդլայնել զոյգ հանրապետութիւններու տնտեսութիւնները, աւելի եւս ամրապնդել անոնց ազգային անվտանգութիւնը, եւ, հետեւաբար, սատարել բնակչութեան աճին։ Այս հեռանկարներով է որ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը ներկայիս կը կառուցէ Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղին։
Պատկերացուած մայրուղին պիտի ըլլայ փոխադրական բովանդակ ցանց մը, ամէն տեսակի ինքնաշարժային երթեւեկի յարմար։ Կառուցման աւարտին, Հայաստանն ու Արցախը միացնող այս ճամբան կարելի պիտի դարձնէ աննախընթաց ու ազատ շարժում՝ բազմաթիւ համայնքներու միջեւ։
Հիմնուելով Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի՝ Արցախը վերականգնելու առաջին համահայկական մեծածաւալ ծրագիրին, փորձառութեան վրայ, Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղին նշանակալից կերպով սատար պիտի հանդիսանայ շրջակայ համայնքներու բարգաւաճման համար։
Ազերի անթարթ ռմբակոծման հետեւանքով քանդուած նախկին ճամբան վերականգնելու կոչուած, Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին 40 միլիոն տոլար արժէքով ներդրում մըն էր, գումար մը որ ամբողջութեամբ ծախսուեցաւ Արցախի մէջ՝ նպաստելով տեղական տնտեսութեան։ Իր բացումէն ի վեր, մայրուղին աւելի քան 11 միլիոնի եկամուտ յառաջ բերած է՝ զբօսաշրջիկութեան իմաստով միայն, իսկ ճանապարհի կից համայնքներու 65,000 բնակիչներուն համար անմիջականօրէն հասանելի դարձուցած է առողջապահական ծառայութիւններ, առեւտուրի եւ զբօսաշրջիկութեան պատեհութիւններ։
Մինչեւ Ստեփանակերտի օդակայանի բացումը, Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին պիտի շարունակէ մնալ Արցախի արտաքին աշխարհին հետ միակ փոխադրական կապը, բանալի դեր ունենալով հանրապետութեան հեռաւոր շրջաններու տնտեսութիւնը բարելաւելու գործընթացին մէջ։
Եօթանասուն երկու մղոն երկարութեամբ Վարդենիս-Մարտակերտ Մայրուղին մեծապէս պիտի դիւրացնէ Արցախի հիւսիսային շրջաններէն, ներառեալ ճամբու կից 10 գիւղերէն, երկրագործական արտադրանքներու փոխադրումը Երեւան՝ Հայաստանի տնտեսական կեդրոնը, եւ այլուր։ Մինչ ներկայիս սահմանամերձ Մարտակերտէն Երեւան ճամբորդելը մօտ 6.5 ժամ կ՛առնէ, Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիին շնորհիւ այդ ժամանակը պիտի իջնէ նուազ քան 4.5 ժամի։
Մայրուղիի Հայաստանի ճանապարհացանցին միացման շնորհիւ, Արցախեան արտադրութիւնները աննախընթաց դիւրութեամբ պիտի հասնին նաեւ սեւ ծովեան Փօթի քաղաքի նաւահանգիստը, հոնկէ օտար շուկաներ արտածման համար։ Հետեւաբար Արցախեան բարձրորակ ապրանքներու-թարմ բերքէն մինչեւ Մարտունիի գինիին – արտածումը կարողականութիւնը ունի մեծապէս նպաստելու լեռնային հանրապետութեան տնտեսական զարգացման։
Արդիւնքը. տրուած ըլլալով Արցախի բերրի հողը, հոյակապ կլիման ու արտածման պատրաստ շուկաները, երկրի հողագործները պիտի կարենան տնտեսապէս ինքնաբաւ դառնալ եւ ունենալ ամէն պատճառ՝ իրենց ծննդավայրը մնալու։ Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիին շնորհիւ Հայաստանի զանազան շրջաններու միջեւ բարելաւուած կապը, իր կարգին, պիտի սատարէ անոնց տնտեսական վերելքին։
Օրինակի համար, Սեւանայ լիճը պարփակող Գեղարքունիք մարզի կլիման յարմարաւէտ է գետնախնձորի մշակման համար միայն. սակայն Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի կառուցմամբ, մարզը պիտի դառնայ նոր ու դիւրամատչելի շուկայ մը՝ հիւսիսային Արցախի մէջ մշակուած լիառատ կանաչեղէնին ու պտղատեսակներուն համար։
Մայրուղիին բերելիք նպաստները պիտի առընչուին նաեւ զբօսաշրջիկութեան։ Մինչ Արցախը հետզհետէ աւելի գրաւիչ այցելավայր մը կը դառնայ արկածախնդիր ճամբորդներու համար, Քարվաճառի եւ Շահումեանի շրջանները այցելուներու քանակի աճէն օգտուելու գլխաւոր թեկնածուներ են։ Մայրուղիի կառուցմամբ, զբօսաշրջիկները պիտի կարենան ուղղակիօրէն ճամբորդել Արցախի արեւմտեան ծայրամասէն մինչեւ արեւելեան յանգակէտը – ընտրանք մը որ այսօր գոյութիւն չունի – առիթը ունենալով ընբոշխնելու հանրապետութեան ամբողջ հիւսիսի գեղեցկութիւնը։
Մայրուղիի կառուցումը սկսաւ կապալառուներու մրցոյթի եւ ծրագիրի փլանաւորման գործընթացներու աւարտէն անմիջապէս ետք։ Փետրուարի կիսուն, եղանակի մեղմացումով, գործի լծուեցան շինարարական խումբեր, եւ արդէն զգալի դարձան ծրագիրի դրական արդիւնքները։ Այսպէս, մինչեւ Մարտ 2014ի առաջին շաբաթը, 150 անձի աշխատանք հայթայթուած է, եւ կ՛ակնկալուի որ մինչեւ ամառ այս թիւը շուրջ 300ի հասնի։ Իսկ մինչեւ ծրագիրի ամբողջացումը, մայրուղիի բացումէն իսկ առաջ, Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսութիւններէն ներս աւելի քան 30 միլիոն ներարկուած պիտի ըլլայ։
Անգամ մը որ կապուի զոյգ հանրապետութիւններու փոխադրական ներկայ շնչերակներուն, Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղին խորհրդանշական շրջանակ մը կազմած պիտի ըլլայ։ Այդ շրջանակը արդիւնքն է Հայաստանի եւ Արցախի զօրացումն ու զարգացումը հետապնդող բազմամեայ, համահայկական ջանքի մը, որ կը հանդիսանայ հպարտանքի եւ ազգային վերանորոգ ինքնավստահութեան աղբիւր մը։
Շնորհիւ համայն աշխարհի հայութեան եւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի տեսլականին ու նպատակային սեւեռման, այսօր հայրենիքը աւելի հզօր է քան երէկ, եւ անոր բարգաւաճման հեռանկարը կը պայծառանայ իւրաքանչիւր քայլափոխին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.