ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս-Արցախփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆելիքս Խաչատրեանը եւ Գերմանիոյ մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեանը:
1 Ապրիլին պատուիրակութիւնը այցելած է Փոթստամի մէջ գտնուող Եոհան Լեփսիուսի տուն-թանգարան, ուր արցախցի բարձրաստիճան հիւրերը դիմաւորած է հաստատութեան տնօրէն Ռոլֆ Հոսֆըլտը: Ներկայացնելով թանգարանի պատմութիւնը, գործունէութեան ուղղութիւնները եւ նպատակները՝ ան պատմած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող փաստերու հաւաքագրման, անոնց մասին գերմանական ու միջազգային հանրութիւնը իրազեկելու ուղղութեամբ բողոքական եկեղեցու հոգեւորական, հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Եոհաննս Լեփսիուսի գործադրած ջանքերուն մասին:
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահը գոհունակութիւն յայտնած է թանգարանին կողմէ տարուող աշխատանքի համար եւ արձանագրութիւն կատարած է հաստատութեան հիւրերու պատուոյ գիրքին մէջ, ինչպէս նաեւ տնօրէնին հետ քննարկած է հետագայ համագործակցութեան հարցեր:
Օրուան երկրորդ կէսին Պերլինի Եւրոպական հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած է «Լեռնային Ղարաբաղի դերն ու նշանակութիւնը Հարաւային Կովկասի զարգացման գործում» խորագիրով նախաձեռնութիւն, որուն ընթացքին «Լեռնային Ղարաբաղն այսօր. ակնկալիքները, մտահոգութիւնները, հեռանկարները» նիւթով՝ իբրեւ գլխաւոր բանախօս հանդէս եկած է Արցախի խորհրդարանի նախագահը:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ձեւաւորման եւ կայացման գործընթացներուն՝ ան իր խօսքին մէջ ներկայացուցած է ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման արդի հանգրուանը՝ շեշտելով, որ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու ամենակարճ ուղին երկու անկախ պետութիւններուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղ գոյակցութեան հիմքերու ստեղծումն է:
Ձեռնարկի երկրորդ բաժինով տեղի ունեցած է բանավէճ-քննարկում, որուն Աշոտ Ղուլեանէն բացի, հրաւիրուած էին նաեւ գերմանական խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Վոլֆկանկ Փեորնզէն, Գիտութեան եւ քաղաքականութեան հիմնադրամէն դոկտոր Ուվէ Հալպախը եւ Համպուրկի համալսարանէն իրաւաբանութեան փրոֆեսէօր Օթթօ Լուխտերհանդտը: Բանավէճը վարած է հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Էքարտ Շտրատենշվլտէն: Ներկայ եղած է նաեւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վահան Յովհաննիսեանը:
Հրաւիրուած փորձագէտները ներկայացուցած են իրենց տեսակէտները Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ձեռքբերման, ատրպէյճանական- ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած միջնորդական ջանքերու, տարածաշրջանային զարգացման հեռանկարներու եւ այլ հարցերու վերաբերեալ: Այնուհետեւ բազմամարդ ձեռնարկին մասնակիցները կարելիութիւն ունեցած են բանախօսներուն դիմել տարաբնոյթ հարցերով, որոնց տրուած են հարկ եղած պատասխաններ ու պարզաբանումներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.