
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Մաշտոցի պողոտային վրայ 5 Նոյեմբերի իրադարձութիւններուն իբրեւ հետեւանք բանտարկուած 14 անձերէն մէկը՝ Միսաք Առաքելեանը, 1 Ապրիլին ազատ արձակուած է: Այս մասին յայտնած է անոր փաստաբանը՝ Յովհաննէս Քոչարեան:
«Առաքելեանը մեղադրւում էր իշխանութեան ներկայացուցչի նկատմամբ վտանգաւոր բռնութիւն գործադրելու մէջ՝ Քրէական օրէնսգրքի 316 յօդուածի երկրորդ մասի յատկանիշներով: Նախաքննական մարմինն այսօր նրա մեղադրանքը վերաորակել է խուլիգանութիւն եւ փոխել խափանման միջոցը: Միսաք Առաքելեանը «Նուբարաշէն» քրէակատարողական հիմնարկից ազատ է արձակուել չհեռանալու մասին ստորագրութեամբ: Նա կալանաւորուել էր ոստիկանների ուղղութեամբ պայթուցիկ սարքեր նետելու կասկածանքով», նշած է Քոչարեան։
Ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Մաշտոցի պողոտայի իրադարձութիւններուն իբրեւ հետեւանք բանտարկուածներուն 6ին ուղղուած մեղադրանքները արդէն փոխուած են, բայց անոնց խափանման միջոցները չեն փոխուած: