
Մօտէն կը հետեւինք Քեսապի անմեղ բնակչութեան վրայ շղթայազերծուած վայրագ եւ կատաղի յարձակումներուն եւ անոնց հետեւող անցուդարձերուն: Յաւելեալ մտահոգութիւն եւ անորոշութիւն կը ստեղծեն այս յարձակումները, որոնց իբրեւ արդիւնք՝ տեղահանուեցան հարիւրաւոր տարիներու կեանք ունեցող տեղւոյն հայ համայնքը, նաեւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի մէջ բնակութիւն հաստատած այլ փոքրամասնութիւններ:
Մենք խստօրէն կը դատապարտենք Թուրքիոյ մեղսակցութեամբ գործադրուած այս ահաբեկչական գործողութիւնը, որ կը բռնաբարէ երկու երկիրներուն՝ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ, երկար տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող սահմանային համաձայնութիւնը:
Մինչ սուրիական ուժեր կը փորձեն հակայարձակում մը կազմակերպել եւ շրջանէն հեռացնել զինեալները, մենք մեր կարելին կը կատարենք, զօրաշարժի ենթարկելու միջազգային համայնքը, յատկապէս Միացեալ Նահանգները, որպէսզի ոչ մէկ ճիգ խնայուի ճնշում բանեցնելու համար այս զինեալները հովանաւորողներուն վրայ եւ շրջանը վերստին յանձնելու իր բնակչութեան:
Հայ Դատի յանձնախումբերը, թէ՛ տեղական եւ թէ դաշնակցային մակարդակի վրայ, անցեալ Ուրբաթ օրուընէ ի վեր ձեռնարկած են հանդիպումներու շարքի մը՝ ազդեցիկ քաղաքական գործիչներու հետ, տեղեակ պահելով Քեսապի շուրջ կատարուող իրադարձութեանց մասին եւ պահանջելով, որ անոնք ալ իրենց կարգին, միանան Սպիտակ Տան միջամտութեան արշաւին: Այս գծով աշխատանքը կը շարունակուի:
Նաեւ, Հայ Դատի յանձնախումբերը տեղեակ պահած են մարդկային իրաւանց ու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ծիրէն ներս գործող կառոյցներու պատասխանատուները, որպէսզի իրենց ներդրումը կատարեն մարդկային այս ողբերգութիւնը դիմագրաւելու աշխատանքներուն:
Համայնքային գետնի վրայ, Կեդրոնական կոմիտէն նաեւ անմիջական հաղորդակցութեան մէջ է Սուրիահայ Օգնութեան Միութեան հետ եւ գործի լծուած է յաւելեալ հանգանակային արշաւ ձեռնարկելու: Մեր նպատակն է, առ այժմ, շտապ օգնութիւն հասցնել Լաթաքիա տեղահանուած Քեսապի բնակչութեան:
Մենք մեր աշխատանքները հետեւողականօրէն պիտի շարունակենք, քաջատեղեակ ըլլալով, որ մեր կողքին պիտի ունենանք համայնքի ամբողջական զօրակցութիւնը:
ՀՅԴ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ