
ՎԱՐԱԳ ԳԷԹՍԷՄԱՆԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Հիւսիսային հովիտի ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէի հանրային կապի յանձնախումբին, Ուրբաթ, 28 Մարտ 2014ին, Չեցուըրթի հայկական կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ցրոյց-հանդիպում մը՝ նիւթ ունենալով համայնքի հայկական ընկերային ծառայութեանց կազմակերպութիւնները:
Յանձնախումբին անունով բարի գալուստ մաղթեց Վիլմա Գույումճեան, որ կարճ կենսագրականով մը ներկայացուց հիւր բանախօսները եւ նշեց այն կազմակերպութիւնները, ուր անոնք կ՛աշխատին: Օրուան առաջին զեկուցաբերն էր, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի անդամ Դալար Այնթէպլեանը: Ան նախ ներկայացուց ՀՕՄի ընդհանուր պատկերը տուեալ շրջանին մէջ՝ նշելով, թէ այս կազմակերպութիւնը ներկայիս արեւմտեան չորս նահանգներու մէջ ունի 26 մասնաճիւղեր, շուրջ 1200 կամաւոր աշխատակիցներ, 1 մանկամսուր եւ 15 շաբաթօրեայ վարժարաններ: Այս կազմակերպութիւնը նաեւ ունի ընկերային ծառայութիւններու տարբեր գրասենեակներ, որոնք կը գտնուին տարբեր շրջաններու մէջ, ինչպիսին են՝ Կլենտէյլը, Փասատինան, Հոլիվուտը եւ Մոնթեպելլօն: Այս գրասենեակները մարդոց կ՛օգնեն՝ անոնց մատուցելով տարբեր ընկերային ծառայութիւններ, ինչպէս՝ համակարգիչի գործածութեան ուսուցում՝ գործի փնտռտուքը դիւրացնելու համար, եւ Resume-ի պատրաստութիւն: Կան նաեւ գաղթականութեան հետ կապուած ծառայութիւններ, ինչպէս՝ անգլերէն լեզուի ուսուցում այն մարդոց համար, որոնք նոր են գաղութին մէջ եւ հաղորդակցութեան դժուարութիւններու կը հանդիպին: Այնթէպլեան նաեւ յայտնեց, թէ ՀՕՄի այս գրասենեակները կ՛օգնեն բոլոր անոնց, որոնք դժուարութեան կը հանդիպին ընկերային օգնութիւններու կամ ծառայութիւններու դիմումնագիրներ ամբողջացնելու ժամանակ: Զեկուցաբերը նշեց, թէ ՀՕՄը համայնքի կարիքներուն գիտակցելով է որ կը կատարէ եւ կը ծրագրէ իր աշխատանքները: Վերջինս նաեւ կը փորձէ առժամեայ լուծումներ գտնել այն անձերուն համար, որոնք կը տառապին ընտանեկան հարցերէ կամ անտունի են: Այս աշխատանքները կը կատարուին մասնագէտներու խորհուրդով եւ անոնց հետ գործակցաբար: Այնթէպլեան աւարտեց իր ներկայացումը՝ ներկաներէն խնդրելով, որ որեւէ ընկերային, հոգեբանական կամ ընտանեկան այլ խնդիրներու պարագային, անպայմանօրէն կապուին Հայ Օգնութեան Միութեան ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակներուն եւ ստանան համապատասխան օգնութիւն ու ցուցմունքներ:
Երկրորդ զեկուցաբերն էր ոսկրածուծի նուիրատուութեան կազմակերպութեան (Armenian Bone Marrow Registry-ABMDR) վարչութեան անդամ Վերժին Մատէլեան: Ան բացատրեց իր կազմակերպութեան նպատակը՝ ըսելով, թէ անոնք կ՛աշխատին օգնել բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին ոսկրածուծային հիւանդութիւններէ (Leukemia, Lymphoma): Կազմակերպութիւնը կը ջանայ նաեւ գտնել կամաւորներ, որոնք պատրաստ են նուիրելու ոսկրածուծի ցօղունային բջիջներ (stem cells) եւ բժշկական այլ անհրաժեշտ մասեր, օգնելու համար այս հիւանդութիւններէն տառապող մարդոց: Մատէլեան նաեւ բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս արեան տկարութեան պարագաներուն այս ցօղունային բջիջները կ՛օգտագործուին դարմանելու համար հիւանդը: Անդրադառնալով նաեւ ընդհանուր գործընթացին՝ ան ըսաւ, թէ հայերը ունին իրենց իւրայատուկ ցօղունային բջիջները կամ մորթի տեսակը (tissue type) եւ անոր համար ալ բաւականին դժուար է գտնել կամաւոր մը, որ ունենայ համապատասխան բջիջներ: Հետեւաբար, Ամերիկայի մէջ հիւանդ մը բուժելու համար, շատ անգամ հարկ է դառնալ աշխարհի տարբեր հայկական գաղութները՝ գտնելու համար համապատասխան բջիջները: Ներկաներուն աւելի լաւ գաղափար մը տալու համար, Մատէլեան արագ կերպով բացատրեց նաեւ ամբողջ բժշկական գործընթացը եւ կազմակերպութեան պաշտօնը այս բոլորին մէջ: Ան նաեւ նշեց, թէ դրամական օժանդակութիւններու շնորհիւ՝ կեդրոնը օժտուեցաւ արդիական նոր մեքենաներով, որոնք դիւրացուցին բժշկական գործընթացը: Ըստ Մատէլեանի՝ այս կազմակերպութեան աշխատանքները նաեւ կ՛օգնեն այն հիւանդներուն, որոնք ուղեղային ուռեցքի բուժման գործընթացին (chemotherapy) պատճառով կը կորսնցնեն իրենց ցօղունային բջիջներուն մեծ մասը: Մատէլեան աւարտեց իր խօսքը՝ ըսելով, թէ կազմակերպութեան անդամները կամաւոր կերպով կ՛աշխատին, հետեւաբար՝ քաջալերելի է որեւէ դրամական օժանդակութիւն, որ պիտի նպաստէ հիւանդներու առողջութեան:
Օրուան վերջին զեկուցաբերն էր Ամերիկայի հոգեբաններու կազմակերպութեան անդամ, մանուկներու հոգեբան եւ Օթիզմի հայ օժանդակ մարմինի (AAOP) վարչութեան ներկայացուցիչ Թալին Յովսէփեան, որ զեկուցեց Armenian Autism Outreach Project-ի մասին: Ներկաներուն պատմելով այդ մասին՝ Յովսէփեան ըսաւ, թէ ցարդ Autism-ի դասական կամ յստակ բուժում չկայ: Հետեւաբար, անիկա նշանագիծ մըն է, որ կը մնայ անձին հետ մինչեւ մահ եւ կ՛ազդէ ուղեղին, կեցուածքին եւ շարժուձեւերուն վրայ: Ըստ իրենց ունեցած տուեալներուն՝ Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքին մէջ կան մօտաւորապէս 14700 autism-ի պարագաներ: Հետեւաբար, մեկնելով այս տուեալներէն, այս կազմակերպութիւնը ստեղծուեցաւ 2006ին, կամաւորներու կողմէ, հոգալու համար այս պարագաներուն հոգեբանական եւ ընկերային պէտքերը: Կազմակերպութեան հիմնական նպատակներէն է տեղեկացնել գաղութը այս երեւոյթին մասին: Յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու համար այս կազմակերպութիւնը կը կայացնէ խրախճանքներ, ընկերային եւ մարզական հաւաքոյթներ եւ այլն: Կազմակերպութիւնը նաեւ կ՛աշխատի հաւաքել ծնողները, որպէսզի անոնք եւս նեցուկ կանգնին տարուած աշխատանքներուն:
Յովսէփեան նշեց այլ կազմակերպութիւններ եւս, որոնց հետ գործակցաբար կ՛աշխատին, դիւրացնելու համար ձեռնարկներու կազմակերպումը: Ան իր խօսքը փակեց՝ ըսելով, թէ բաւական աշխատանք կայ ըլլալիք, սակայն քանի մը հոգիով այս բոլորը յաջողցնելը բաւական դժուար է, հետեւաբար՝ քաջալերելի է կամաւոր աշխատանքը այս կազմակերպութենէն ներս:
Զրոյցի աւարտին առիթ տրուեցաւ, որ ներկաները յայտնեն իրենց կարծիքը կամ հարցումներ ուղղեն: Ձեռնարկը ամբողջութեամբ կարելի է դիտել YouTube-ի https://www.youtube.com/watch?v=m45wJIYCzog էջին վրայ: