
Վրաստանի ՀՕՄի վարչութիւնը, կիներու միամսեակին առիթով կազմակերպեց սեմինարներ երիտասարդ մայրերու համար: Առաջինը Ախալքալաքի Մ. Մաշտոցի անուան մանկապարտէզի երեխաներու մայրիկներուն յատուկ էր. ներկայ էին ութսունէ աւելի մայրեր: Բացման խօսքը արտասանեց ՎՀՕՄի վարչութեան ատենապետ Կ. Թադեւոսեան, որ ներկաները շնորհաւորեց կիներու միամսեակին առիթով՝ անոնց մաղթելով առողջութիւն, երջանիկ ու անհոգ կեանք:
Ան կարեւոր նկատեց մօր անփոխարինելի դերը երեխաներու դաստիարակութեան իմաստով, ինչպէս նաեւ խրախուսեց բազմազաւակութիւնը: Թադեւոսեան դիտել տուաւ, որ երեխային մէջ մայրենի լեզուի նկատմամբ ուշադրութիւնը իւրաքանչիւր մօր սրբազան պարտականութիւնն է, մա՛յրն է, որ երեխայի առաջին բանաւոր խօսքի զարգացման պատասխանատուն է, մա՛յրն է, որ մայրենի լեզուով օրօրոցային կ՛երգէ, ընտանիքին մէջ մայրենին անաղարտ պահելը մօր պարտքն է:
Համառօտ կերպով ՀՕՄի գործունէութիւնը ներկայացնելէ ետք, ան խօսեցաւ քեսապահայութեան դժուար կացութեան մասին, առաջարկեց միանալ անոնց օգնելու նպատակով ՀՕՄի կազմակերպած օժանդակութեան ծրագիրին:
Խօսքը փոխանցուեցաւ կնոջաբան- խորհրդատու Ասեա Փալանջեանին: Ան խօսեցաւ երիտասարդ կինը յուզող բազմաթիւ հիւանդութիւններու մասին, յղութեան առնչուած խնդիրներուն եւ հիւանդութիւններուն, անոնց կանխարգիլման մասին, արհեստական վիժումներու, չբերութեան պատճառներուն մասին: Ապա ան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն։
Երիտասարդ հոգեբան Օֆելեա Եփրիկեան ներկայացուց երեխայ-մայր յարաբերութեան հոգեբանական կողմը: Հարց ու պատասխանի միջոցով քննարկուեցան երեխաներու տարբեր բնաւորութեան դրսեւորումներուն պատճառներն ու դաստիարակութեան ճիշդ տարբերակները:
Մանկապարտէզի վարիչ Մարգարիտան եւ ծնողները շնորհակալութիւն յայտնեցին ՀՕՄի վարչութեան՝ æաւախքի մէջ նախընթաց չունեցող նման թեմայով սեմինարի կայացման համար, որովհետեւ ջաւախքցի երիտասարդ կնոջ համար անհրաժեշտ են արծարծուած հարցերուն շուրջ քննարկումները:
Մասնակիցները խոստացան անմասն չմնալ քեսապահայութեան օժանդակելու ՀՕՄի նախաձեռնութենէն: