ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ալէն Եկիկեանի եւ Սօսէ Թոմասեան-Եկիկեանի յիշատակը վառ պահելու նպատակով հաստատուած Սօսէի եւ Ալէնի ժառանգութեան հիմնարկին միջոցաւ, Հայաստանի Պռոշեան գիւղի երիտասարդական կեդրոնի վերանորգութեան նպատակով, Կիրակի, Մայիս 4ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ (216 N. Brand Blvd., Glendale, CA 91203) տեղի պիտի ունենայ իւրայատուկ համերգ մը, որուն պիտի մասնակցին Սեպուհ Սիմոնեան, Յարութ Փամպուքճեան, «Էլեմընթ», Գոռ Մխիթարեան, Սիմա Քանինկհեմ, Կրեկ Հօշարեան, «ՊէյՌու», «Կրին Քարտ» եւ այլ արուեստագէտներ:
Տեղեր ապահովելու համար, այցելել itsmyseat.com/soseandallen կայքէջը կամ դիմել (818) 726-4625 թիւին: Տոմսերու գիները 35էն 100 տոլարի միջեւ են:
