ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Դէմ եմ» շարժումը 9 Ապրիլին կատարեց բողոքի ցոյց մը, որուն մասնակիցները նստացոյցով փակեցին Նալբանդեան փողոցը:
Երկու ժամէ աւելի անդամալուծելով երթեւեկը՝ ցուցարարները տնտեսութեան նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Դաւիթ Սարգսեանէն կը պահանջէին իջնել եւ բացատրութիւն տալ, թէ ինչո՛ւ կառավարութիւնը մինչեւ օրս չէ հրահանգած Պետական եկամուտներու կոմիտէին՝ փոփոխութիւն մտցնել ելեկտրոնային հաշուետուութեան համակարգին մէջ, իսկ աւելի ստոյգ՝ անջատել պարտադիր կուտակայինի համար պահումներ կատարող ինքնաշխատ հաշուիչը:
Տեսնելով, որ Դաւիթ Սարգսեան իջնելու եւ բացատրութիւններ տալու միտում չունի, ցուցարարները սկսան պահանջելու, որ կառավարութենէն ոեւէ մէկը իջնէ եւ այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնէ: Եւ այդ մարդը եղաւ նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, որ անգամ մը եւս երկխօսութեան առաջարկ ներկայացուց բողոքող քաղաքացիներուն՝ յորդորելով աշխատանքային խումբ կազմել կառավարութեան հետ օրէնսդրական փոփոխութիւնները քննարկելու համար:
«Մենք չենք կարող հրապարակում քննարկել օրէնսդրական փոփոխութիւնների խնդիրը, որը հիմա պատրաստւում է աշխատանքային խմբի կողմից: Եւ ձեզ յուզող բոլոր հարցերի պատասխանները օրէնսդրական փաթեթում, որը մենք պատրաստում ենք Սահմանադրական դատարանի որոշումը իրացնելու համար, ձեզ յուզող հարցերի բոլոր պատասխանները առկայ են», յայտարարեց նախկին վարչապետը՝ աւելցնելով, որ ատոր համար անհրաժեշտ է, որ գործիչները աշխատանքային խումբ կազմեն եւ կառավարութեան աշխատանքային խումբին հետ քննարկեն առաջարկները։
«Դէմ եմ» շարժման անդամ Դաւիթ Մանուկեան՝ նախկին վարչապետին, եւ ինչպէս ինք բնորոշեց՝ օրէնքին հօր, տեղեկացուց, որ հանրութիւնը պարզապէս կը պահանջէ ի կատար ածել Սահմանադրական դատարանի որոշումը եւ ոչ թէ անկէ առանձին վերցուած դրոյթներ:
«Մենք պահանջում ենք, որ Պետեկամուտների կոմիտէն փոխի, համապատասխան յանձնարարականով, ելեկտրոնային հաշուետուութիւնների ծրագիրը եւ այդ ինքնաշխատ դաշտը՝ կուտակային վճարների համար, դարձնի ձեռքով լրացուող», ըսաւ Մանուկեանը՝ հարցնելով նախկին վարչապետին. «Կառավարութեան նիստում այս հարցին լուծում տրուելո՞ւ է»:
«Յարգելի գործընկերներ, այս ձեր բարձրացրած հարցի պատասխանը դուք ուզո՞ւմ էք լսել: Ուրեմն պէտք է իրաւասու մարմինները, պէտք է այդ հարցը քննարկեն եւ ձեզ տրւում է բացառիկ հնարաւորութիւն մասնակցել այդ քննարկմանը», յայտնեց նախկին վարչապետը:
Տիգրան Սարգսեան հեռացաւ սուլոցներու տարափին տակ՝ չպատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումին, թէ արդեօք նախկին վարչապետը իրաւունք ունի՞ կառավարութեան անունով երկխօսութեան առաջարկ ընելու:
«Դէմ եմ» խումբի անդամ Դաւիթ Մանուկեանը «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սահմանադրական դատարանի որոշումը քննարկելը պարզապէս ապօրինի գործարք է:
«Ոչ ոք իրաւասու չէ հրաւիրել երկխօսութեան, քննարկել դատարանի որոշումները, որոշման կատարման ծաւալը կամ ձեւը: Ես դա, որպէս քաղաքացի, համարում եմ ապօրինի գործարք», յայտարարեց ան:
Մինչեւ նախկին վարչապետին գալը, ցուցարարներուն հետ հանդիպում ունեցաւ Երեւանի ոստիկանապետ Աշոտ Կարապետեանը՝ պնդելով, թէ կառավարական շէնքին առջեւ խմբուած հարիւրաւոր գործիչներու գործողութիւնները անօրինական են:
Ոստիկանները նոյնիսկ բռնութեան դիմեցին՝ փողոցը բանալու համար, գործիչներէն մէկը բերման ենթարկեցին: Որոշ ժամանակ անց կացութիւնը հանդարտեցաւ, նստացոյցի ատեն ոստիկանները միայն կը յորդորէին ճամբէն հեռանալ, «քանի դեռ չի լցուել իրենց համբերութեան բաժակը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.