
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 16րդ տարին ըլլալով, «Ապրիլ» գրատունը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ապրիլ 12-13ին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ կայանալիք «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի գիրքերու հռչակաւոր փառատօնին: Գրատունը վարձած է 931րդ կրպակը:
«Ապրիլ» գրատան կրպակէն ներս ելոյթներ պիտի ունենան շարք մը հեղինակներ, ներառեալ՝ Միշել Գրիգորեան, Սիրուն Երէցեան, Լուիս Թորեզ եւ Ճենըֆըր Սալմասեան:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին: