
ԿԱՐՕ ՀԷՔԻՄԵԱՆ
Սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ, ի նպաստ Քեսապի համար բարձրացած բողոքի մեծ ալիքին, եկան իրենց ներդրումը բերելու նաեւ Մօնթեվիտէոյի մէջ գործող կարգ մը կազմակերպութիւներու երիտասարդական միութիւները, որոնք միասնաբար բողոքի ցոյց մը կատարեցին մայրաքաղաքի կեդրոնը, նպատակ ունենալով տեղացի ժողովուրդին իրազեկ պահել Քեսապի մէջ կատարուածի մասին:
«Փրկենք Քեսապը» լօզունգը կրող պաստառներով, Եռագոյնով եւ Սուրիոյ դրօշներով, Քեսապի իրավիճակի մասին պատմող թերթիկներ բաժնելով եւ անցորդներուն բացատրութիւններ տալով, մեր տղաքն ու աղջիկները երկու ժամուան ընթացքին յաջողեցան ուշադրութիւն գրաւել, բանուկ երթեւեկի այդ կեդրոնին մէջ հետաքրքրութիւն ստեղծելով: