
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ Շաբաթ, Ապրիլ 12ին կայացած Ամերիկայի թրքական միութիւններու խորհուրդը Թուրք-ամերիկեան խորհրդաժողովին ընթացքին մրցանակ մը շնորհուած է Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան նախագահ Տողու Փերինչեքին։ Այս մրցանակը տրուած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու գծով անոր տարած պայքարին ու Զուիցերիոյ դէմ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանին մօտ բացած իր դատին ընթացքին ապահոված յաղթանակին համար։ Մրցանակ մը տրուած է նաեւ Տողու Փերինչեքի որդւոյն՝ Մեհմետ Փերինչեքի, որ իր հօր աշխատանքը կը շարունակէ՝ «կարծեցեալ» Ցեղասպանութեան մասին ուսումնասիրութիւններ կատարելով:
Տրուած ըլլալով, որ միայն վերջերս բանտէն ազատ արձակուած Տողու Փերինչեք երկիրէն դուրս ելլելու իրաւունք չունի, մրցանակը ստացած է անոր կողակիցը՝ Շուլէ Փերինչեքը։