ԵՐԵՒԱՆ.– Տեսողական խնդիրներ ունեցող հետիոտներու համար Երեւանի մէջ անվտանգ երթեւեկ ապահովելու նպատակով մայրաքաղաքի քառուղիներուն լուսացոյցները հետզհետէ կը համալրուին յատուկ ձայնաազդանշանային համակարգերով:
Հանրապետութեան հրապարակէն դէպի Ամիրեան եւ Նալբանդեան փողոցներ, ինչպէս նաեւ Տիգրան Մեծի պողոտայ տանող բանուկ քառուղիներու հետիոտնային անցումները արդէն իսկ օժտուած են այդպիսի յատուկ համակարգերով, որոնք տեսողական խնդիրներ ունեցող հետիոտներուն կարելիութիւն կու տան տեղեկանալու լուսացոյցի լուսային կանաչ ազդանշանի միանալու եւ անջատուելու մասին:
Ծրագիրը պիտի ըլլայ շարունակական եւ մայրաքաղաքի յատկապէս բանուկ քառուղիները հետզհետէ պիտի օժտուին այդ համակարգերով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.