ՖՐԵԶՆՕ.- Շաբաթ, Ապրիլ 12ի թիւով հաղորդած էինք, թէ Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը, գործակցութեամբ Ֆրեզնոյի քաղաքապետական խորհուրդին, կազմակերպած է Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որուն ճշգրիտ թուականը Հինգշաբթի, Ապրիլ 24 պէտք է ըլլայ: Ձեռնարկը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9:30ին, քաղաքապետարանին առջեւ, եւ ընթացքին պիտի ծածանին Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի դրօշակները: Քաղաքապետարանին հասցէն է՝ 2600 Fresno Street, Fresno, CA 93721:
Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն է քոնկրեսական Տէյվիտ Վալատաու, որ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման թիւ 227 բանաձեւի հեղինակներէն մէկն է: Ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Էշլի Սուէրինի, իսկ հանդիսավարը պիտի ըլլայ շրջանի «Ֆաքս» կայանէն Էլինա Աբովեանը:
Նաեւ, Ապրիլ 23ին, երեկոյեան ժամը 5:30ին, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզեմանատան մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ: Գերեզմանատան հասցէն է՝ 1925 West Belmont Avenue, Fresno:
Արարողութեան պիտի մասնակցին Չարլի Քէյեան Հայկական համագաղութային վարժարանի աշակերտները եւ ՀՄԸՄի սկաուտները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.