
ՆՈՐԹՐԻՃ.- Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան տարեկան 13րդ գիտական մրցոյթին արդիւնքները հրապարակուեցան Կիրակի, Մարտ 23ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի սրահին մէջ կայացած հաւաքի մը ընթացքին, ուր ներկայացուած էին 82 հայ աշակերտներու 68 գիտական աշխատասիրութիւնները:
Մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ներկայ էր աւելի քան 200 հոգի. արդիւնքներու հրապարակումէն առաջ, դոկտ. Այտա Ռշտունի աչքի մասին բանախօսութիւն մը ներկայացուց: Ապա, մրցոյթի հիմնադիր դոկտ. Մարինա Կեւրեքեան խօսեցաւ անցեալ տարի մահացած գիտնական Հէլէն Տապաղեանի իրագործումներուն մասին՝ աւելցնելով, որ այսուհետեւ անոր յիշատակին յատուկ մրցանակ մը պիտի տրուի միութեան կամաւորներէն մէկուն: Այս տարուան մրցանակակիրն էր դոկտ. Քարոլին Ռոտամեան:
Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան ատենապետ Վազգէն Եարտմեան արտասանեց ողջոյն խօսքը, որմէ ետք մրցոյթի յանձնախումբի ատենապետուհի Ճենիկ Ղարաբէկեան յանձնեց մրցնակները:
Բնագիտութեան կրտսերներու բաժանմունքին մէջ առաջնութիւնը խլեց Յակոբ Չինչեան («Մանուկեան-Տեմիրճեան»), իսկ երկրորդ հանդիսացաւ Թանիա Պուճիքեանս-Լինեթ Բոնիադի զոյգը («Շամլեան»): Երրորդ դիրքը բաժնեկցեցան Վաչակ Ոսկեան («Մանուկեան-Տեմիրճեան») ու Նիքլըս Յարութիւնեան («Մերտինեան»): Պատուոյ յիշատակութեան արժանացան Դանիէլ Եագուպեան («Յովսէփեան»), Ճանի Քամաքեան («Մանուկեան-Տեմիրճեան»), Նանօր Պետրոսեան («Մերտինեան») եւ Լիլիան Մելիքեան («Մաունթըն Էվընիու»):
Բնագիտութեան երէցներու բաժանմունքին մէջ առաջնութեան մրցանակ չշնորհուեցաւ, իսկ երկրորդ դիրքը խլեց Արթին Գալստեան («Ֆերահեան») ու երրորդ դիրքը բաժնեկցեցան Էտըմ Վահան Սմիթ-Խաչիկ Աւագեան զոյգը («Ֆերահեան») եւ Ճորճ Խապպազ («Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան»): Պատուոյ յիշատակութեան արժանացաւ Լիլի Տեմիրճեանէն, Անճելիք Գէւօղլանեանէն ու Արփի Պէշլիքեանէն բաղկացած խմբակը («Փիլիպոս»):
Կենսագիտութեան կրտսերներու բաժանմունքին մէջ առաջնութիւնը խլեց Ալիա Լահեան («Շամլեան»), իսկ յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Քեւըն Պետրոսեան («Մանուկեան-Տեմիրճեան») ու Հրակ Կանումեան-Սեւուլիկ Պասթիլեան զոյգը («Ֆերահեան»): Պատուոյ յիշատակութեան արժանացաւ Արփա Պօղոսեան («Քարտըն Հոլ»):
Կենսագիտութեան երէցներու բաժանմունքին մէջ առաջնութիւն խլող չեղաւ, իսկ երկրորդ դիրքը գրաւեց Ալեք Մեսրոպեան («Մանուկեան-Տեմիրճեան»): Վահէ Եագուպեան («Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան») երրորդ հանդիսացաւ, իսկ պատուոյ յիշատակութեան արժանացան Նիքոլ Արսլանեան («Մանուկեան-Տեմիրճեան»), Դալար Քասապեան («Փիլիպոս») ու Վաղարշակ Աւետիսեան-Շանթ Ռեկանեան զոյգը («Ֆերահեան»):
Նաեւ, «Տարուան Ուսուցիչը» մրցանակը (300 տոլար) բաժնեկցեցան ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանէն Աննա Մկրտչեան ու Աննա Դաւիթեան, իսկ «Տարուան Դպրոցը» մրցանակին (300 տոլար) արժանացաւ «Ֆերահեան»ը: