ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Տեղեկատուական արհեստագիտութեան ձեռնարկութիւններու միութիւնը՝ նպատակ ունենալով խթանել արհեստագիտութեան զարգացումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, արդէն 4րդ անգամն ըլլալով պիտի կազմակերպէ «ՏՀՏ լիդէրների հանդիպում–ֆորում»ը: Անիկա պիտի կայանայ Շուշիի մէջ, 19-20 Ապրիլին։
Այս անգամ օրակարգի վրայ պիտի ըլլան Արցախի ներդրումային միջավայրի ու զարգացման կարելիութիւնները, արհեստագիտութեան կրթութեան եւ աշխատուժի խնդիրները, արհեստագիտական ընկերութիւններու եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու համագործակցութիւնը: Ֆորումի ընթացքին Արցախի մէջ արդէն իսկ գործող արհեստագիտական ընկերութիւնները պիտի ներկայացնեն իրենց փորձառութիւնը եւ բաժնեկցին իրենց յաջողութեան պատմութիւնը:
Ֆորումին պիտի մասնակցին տեղեկատուական ոլորտին մէջ գործող ընկերութիւններ, Լեռնային Ղարաբաղի առեւտուրի մարզի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ պետական պաշտօնեաներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.