ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Իթար-Թասս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարար Մուհամմետ Ռեզա Նեմաթզատէ յայտարարած է, թէ Իրան մտադիր է մեծ դեր խաղալ կազի համաշխարհային շուկային մէջ, առանց Ռուսիոյ մրցակից դառնալու:
«Իրան այսօր ունի աշխարհի վրայ բնական կազի մեծագոյն պաշարները: Մենք կ՛աշխատինք կազատարի մը կառուցման լայնածաւալ նախագիծի մը վրայ, որուն միջոցով կազը Իրանի հարաւէն պիտի մատակարարուի հիւսիսարեւմուտք՝ դէպի Թուրքիոյ սահման: Իսկ այնտեղէն մենք պիտի կարենանք արտածել զայն Արեւմուտքի երկիրներ», ըսած է նախարարը:
Ան յիշեցուցած է, որ Թեհրանը ժամանակին համաձայնագիրներ կնքած էր զուիցերական եւ սպանական ընկերութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ հոլանտական «Շել» ընկերութեան հետ, սակայն համաձայնագիրները կարելի չէ եղած իրագործել՝ միջազգային պատժամիջոցներուն պատճառով:
«Գիտենք, որ եւրոպացիներուն կազի պահանջը կ՛աւելնայ, եւ մենք կը փափաքինք ստանալ շուկայի մեր բաժինը: Իրան կրնայ Եւրոպայի վստահելի եւ երկարատեւ գործընկերը դառնալ», նշած է Նեմաթզատէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.