ՀԲԸՄի նախաձեռնութեամբ, այս տարի եւս, Յուլիս 15էն Օգոստոս 3ի միջեւ, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ հայկական երաժշտութեան նուիրուած խտացեալ դասաւանդութիւն մը՝ «Երաժշտական Հայաստան» անուան տակ, առիթ ընծայելով մասնակիցներուն, որ մարզուին վարպետ երաժիշտներու կողմէ, միաժամանակ մօտէն ծանօթանալով Հայաստանի երաժշտական կեանքին:
Մարզումներու կողքին, մասնակիցները պիտի հետեւին յատուկ դասախօսութեանց եւ ներկայ պիտի ըլլան համերգներու՝ առիթ ունենալով անձամբ ծանօթանալու արուեստագէտներու հետ:
Մասնակիցները պէտք է բոլորած ըլլան 18 տարիքը. այս տարի յատուկ կարգադրութիւն պիտի կատարուի նաեւ 15 տարիքը բոլորած մասնակիցներու համար: Ծրագիրին մասնակցիլ փափաքողները պէտք է դիմումնագիրները ամբողջացնեն մինչեւ Մայիս 15: Տրամադրելի են կրթանպաստներ, որոնց դիմումները պէտք է կատարուին մինչեւ Յունիս 5: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել musicalarmenia@agbu.org հասցէին կամ (212) 319-6383 (extension 106) թիւին: Դիմումները կարելի է ստանալ՝ այցելելով www.agbu.org/musicalarmenia կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.