
Շաբաթ, 12 Ապրիլ 2014ի կէսօրէ առաջ ժամը 10:40ին, Քրեսենթա հովիտի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ նոյն շրջանի ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի Ս. Զատկուան առթիւ կազմակերպուած աշակերտական հանդէսը:
Վարժարանի շուրջ 60 աշակերտներուն ընկերակցող ծնողներ, մեծ հայրեր, մեծ մայրեր ու հարազատներ կազմած էին հաճելի բազմութիւն մը: Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչական անդամ Այտա Հայրիկեան:
Օրուան յայտագիրի պաշտօնական բաժինէն առաջ, ծնողք Ճեքի Մարաշլեանի կազմակերպութեամբ եւ հսկողութեամբ, Հայ կեդրոնի բակին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած «Էկ հանթ» հաւկթախաղը, որուն աւարտին շահող աշակերտը նուէր ստացաւ: Ապա, որոշուած ժամուն, սրահին մէջ հանդէսի բացման խօսքին ընթացքին, վարժարանի տարիներու տնօրէն Գէորգ Պետիկեանը շնորհաւորեց ներկաներուն Ս. Զատիկը եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց անոնց:
Ան մեծապէս գնահատեց ծնողները, վարժարանին հանդէպ անոնց ունեցած հաւատքն ու անոնց ցուցաբերած յարգանքը, մանաւանդ՝ անոնց նիւթաբարոյական քաջալերանքը:
Տնօրէնը անդրադառնալով վարժարանի ուսումնական ծրագիրին եւ այս առթիւ տարուած աշխատանքներուն՝ յայտնեց, թէ քանի մը շաբաթ առաջ տեղի ունեցած էր ծնողական ժողովը, որուն ընթացքին տնօրէն եւ ուսուցչական կազմ պարզած էին իրենց թելադրանքներն ու քաջալերական խօսքերը, միեւնոյն ժամանակ ծնողներէն լսած էին անոնց մտահոգութինները ու գնահատականները: Տնօրէնը հպարտութեամբ աւելցուց նաեւ, թէ այս տարի եւս, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Շաբաթօրեայ վարժարաններու յատուկ խնամակալ մարմինին կազմակերպած զարգացման մրցումին, «Թալին» շաբաթօրեայի աշակերտները գրաւած էին լաւագոյն դիրքը, որուն իբրեւ գնահատանք՝ վարժարանը ստացած էր յատուկ վկայագիր մը: «Այս արդիւնքը ինքնին փաստ մըն է դպրոց-աշակերտ-ծնողք երրորդութեան միջեւ գտնուող ամուր եւ հաստատ կապին», ըսաւ Պետիկեան:
Տնօրէնը վեր առաւ ուսուցչական կազմի անսահման զոհաբերումը: «Կազմ մը, որ ամէն ճիգ կը թափէ կանգուն պահելու համար հայ միտքի եւ հոգիի այս փոքրիկ ամրոցը», ըսաւ ան, ապա շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան իր խօսքերը ուղղեց յատկապէս ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան ու շաբաթօրեայ վարժարանի պատասխանատու Ծաղիկ Գատեանին, որ ամէն Շաբաթ օր դպրոց գտնուելով՝ օգտակար կը հանդիսանայ դպրոցի ամէն տեսակի կարիքներուն:
Տնօրէնը նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն եւ յատկապէս յիշեց Կարինէ Մարկոսեանը, Լիզա Տէր Պետրոսեանն ու Վիքի Ակոբեանը, որոնք շաբաթ մը առաջ վարժարան եկած էին եւ աշակերտներուն համար Զատկուան յատուկ ձեռային աշխատանք պատրաստած: Ան նաեւ մեծապէս գնահատեց ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի բոլոր ՀՕՄուհիներուն մեծ աշխատանքը՝ սոյն վարժարանը հաստատ պահելու համար, ինչպէս նաեւ օրուան ճոխ ու առատ հիւրասիրութիւնը կազմակերպող բոլոր ծնողները:
Իբրեւ օրուան գեղարուեստական յայտագիր, աշակերտները՝ հինգ տարեկանէն մինչեւ 13, Տէրունական աղօթքէն ու հայրենի եւ աշակերտական քայլերգներու խմբերգներէն ետք, դասարանային կարգով սկսան հրամցնելու իրենց բաժինները:
Այսպէս, անոնք իբրեւ հինգ դասարաններու աշակերտներ, դաշնակի ընկերակցութեամբ վարժարանի երգի կամաւոր ուսուցչուհի Նոյեմի Լոխմանեանին, յաջորդաբար, իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն ներկայութեան, մանկական, տօնական, գարնանային եւ ազգային երգերու կողքին հրամցուցին նաեւ հայրենաշունչ արտասանութիւններ: Ծն-ողներն ու սրահը խճողած ներկաները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին աշակերտութեան հրամցուցած յայ-տագիրը:
Իր կարգին, յանուն «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան, Այտա Հայրիկեան նախ շնորհաւորեց ներկաներուն Ս. Զատիկը եւ ապա երախտագիտական խօսքերով գնահատեց ծնողներուն՝ վարժարանին հանդէպ ունեցած վստահութիւնը: Ան նաեւ դրսեւորեց տնօրէն Գէորգ Պետիկեանի եւ ուսուցչական կազմի անդամուհիներուն ներդրումը այս մարզէն ներս՝ մեծապէս գնահատելով բոլորին տարած աշխատանքը:
Աւարտին, տնօրէն Պետիկեան ներկաներուն մէկ առ մէկ յիշեց ուսուցչական կազմի անդամները՝ Մայտա Գոճանեան, Նուշիկ Ետալեան, Լիզա Պետիկեան եւ Սօսի Գալպճեան, ինչպէս նաեւ կամաւոր Նոյեմի Լիխմանեանն ու Սելլա Մարգարեանը, որոնց շնորհիւ կը կիրարկուի ուսումնական ծրագիրը: Ապա ան հրաւիրեց ծնողք Սալբի Պետոյեանը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն, որոնք սիրայօժար մասնակից դարձած էին օրուան հրամցուելիք ճաշի պատրաստութեան ու մատակարարման:
Յայտագիրի պաշտօնական բաժինի աւարտին, աշակերտները ունեցան հաւկթախաղի պահ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած Ս. Զատկուան ճաշկերոյթը: Ընթացքին նաեւ կատարուեցաւ վիճակահանութիւն եւ նուիրատուութիւն:
(Վարժարանի Թղթակից)