ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ գործակցութեամբ շրջանիս բոլոր միութիւններուն, Ուրբաթ, Ապրիլ 11ին, երեկոյեան ժամը 7ին, «Ասպարէզ» Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցային ժողովրդական հաւաք՝ նուիրուած «Սուրիոյ քաղաքական տագնապը եւ սուրիահայութեան ճգնաժամային իրավիճակը» նիւթին: Օրուան պատգամաբերն էր Սուրիայէն նոր ժամանած բժիշկ Գրիգոր Ատանալեան:
Ուխտաւոր պատգամաբերը ներկայացուց Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Սրբուհի Մսր-լեան: Ան հակիրճ կենսագրական տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք, բեմ հրաւիրեց օրուան հիւրը:
Բժիշկ Ատանալեան, բեմ բարձրանալով՝ իր շնորհակալութիւնն ու ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի պատանեկութենէն երազած Ֆրեզնօ քաղաքը, ուր իրենց աչքերը փակած են հայոց պատմութեան մեծագոյն հերոսներ: Ան յուզումով սկսաւ իր պատգամը՝ ըսելով. «Սիրելի ներկաներ, այսօր ես եկած եմ Ֆրեզնօ ոչ միայն սուրիահայութեան անցեալի եւ ներկայի իրավիճակը ներկայացնելու, այլ եկած եմ տարիներու իղձս եւ ուխտս կատարելու եւ վերանորոգելու: Եկած եմ խոնարհելու անոնց (հերոսներու) շիրիմներուն եւ խունկ ծխելու անոնց յիշատակին, որովհետեւ այդ հերոսները սիրտիս ու հոգիիս մէջ դրոշմեցին ազգային ոգին»:
Բժիշկ Ատանալեան, ներկայացնելէ ետք սուրիահայոց պատմականը, որ կու գայ հին դարերէն, մանրամասն անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ պատրաստուած դաւին, որուն նպատակն է քանդել հայերուն տնտեսութիւնն ու տարագրել զանոնք, որովհետեւ՝ «Սուրիա դարբնոցն էր հայակերտումին՝ իր դպրոցներով եւ եկեղեցիներով»:
Ապա ան լայնօրէն խօսեցաւ Քեսապի վերջին պատահարներուն մասին եւ շարունակելով խօսքը՝ ըսաւ. «Քեսապցի մեր եղբայրները, երրորդ անգամ ըլլալով տուն ու տեղ ձգելով՝ կը տարագրուին: 1909ին, թուրք խուժանը յարձակեցաւ եւ թալանեց Քեսապը, 1915ին՝ քեսապցին տարագրուեցաւ դէպի Տէր Զօրի անապատները, իսկ երրորդը՝ 2014ին, 650 ընտանիք, առաւօտեան կանուխ ժամերուն, ձգելով տուն ու տեղ՝ Լաթաքիա ապաստանեցաւ: Սիրելի ներկաներ, Հալէպ պատմական քաղաքն ու Քեսապ հայաւանը նեղ կացութեան մէջ են, սակայն մենք արար աշխարհին ցոյց պիտի տանք, թէ մենք պիտի վերադառնանք Հալէպ ու Քեսապ, եւ Սուրիոյ գաղութը փիւնիկի պէս վեր պիտի բարձրանայ եւ պիտի վերականգնէ իր երբեմնի շէն գաղութը, պիտի բացուին փակ դռները եւ պիտի ղօղանջեն եկեղեցւոյ զանգակները»:
Աւարտին տեղի ունեցան հարցադրումներ, որոնց սիրով պատասխանեց բանախօսը:
ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ «ԱՐԱՐԱՏ-ՄԱՍԻՍ»
ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆ
Շաբաթ, Ապրիլ 12ի կէսօրին, յարգելի բանախօս Ատանալեանը՝ Յովսէփ Մելքոնեանի, Գէորգ Հալէպլեանի, ինչպէս նաեւ Ֆրեզնոյէն բժիշկ Վաչէ Վասիլեանի եւ Սարգիս Փանոսեանի ընկերակցութեամբ, այցելեց «Արարատ-Մասիս» գերեզմանատունը եւ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանը:
Խումբը այցելեց նաեւ Անծանօթ Հայուն շիրիմը, ուր Ս. Փանոսեան տեղեկութիւններ փոխանցեց անծանօթ հայու աճիւնին մասին՝ ըսելով. «1929ին, պատուելի Մանասէն կ՛այցելէ իր ծննդավայրը. վերադարձին, ան Տէր Զօր կը հանդիպի եւ հետը կը բերէ անծանօթ հայու մը աճիւնը, ապա զայն կը թաղէ զօր. Անդրանիկի շիրիմին մօտ, սակայն յստակ չէ զօրավարի գերեզմանին վայրը, որովհետեւ գերեզմանատան արխիւները այրած են»:
Շարունակելով այցելութիւնը՝ մեր խումբը կանգ առաւ Ուիլեըմ Սարոյեանի հողակոյտին դիմաց, ապա ծառի մը շուքին տակ խնդրեցի բժիշկ Ատանալեանէն, որ իր կենսագրական տեղեկութիւնները փոխանցէ «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն:
Բժիշկ Գրիգոր Ատանալեան ծնած է Հալէպ, Նոր Գիւղ, 1946ին: Ուսումը ստացած է Բարեգործականի Լազար Նաճարեան վարժարանէն, ապա յաճախած Երեւանի Մխիթար Հերացի բժշկական համալսարանը, ուրկէ ստացած է բժշկական իր մասնագիտութիւնը, որուն առընթեր նաեւ պատրաստած է սրտաբանութեան իր աւարտաճառը, զոր Մոսկուայի մէջ հրապարակաւ ներկայացնելէ եւ պաշտպանելէ ետք՝ ան ստացած է իր մասնագիտական վկայականը: Հալէպ վերադառնալով ու բժշկական ասպարէզին նուիրուելով՝ 35 տարիներ ծառայած է հալէպահայութեան:
Սուրիոյ վերջին խնդիրներուն, 2013ի Դեկտեմբերին, քանի մը անգամ այցելած է Քեսապ եւ Լաթաքիա ու իր գործօն մասնակցութիւնը բերած ազգային գործերուն:
Բժիշկ Գ. Ատանալեան ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ: Ան ներկայիս այցելութեան եկած է կնոջ եւ տղուն, ապա պիտի վերադառնայ Սուրիա եւ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ սուրիահայութեան վերակերտումի աշխատանքին:
Բարի վերադարձ եւ յաջողութիւն կը մաղթենք սիրելի բժիշկ Ատանալեանին: