ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը Կիրակի, Ապրիլ 27ին հաղորդեց, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամ զինեալներ Թուրքիոյ հարաւարեւելքը գտնուող Լիս քաղաքին մօտ երկու թուրք զինուոր առեւանգած են՝ իբրեւ բողոք հոն զինուորական կեդրոն մը կառուցելու որոշումին:
«Անատոլու» կը նշէ, որ քիւրտ ցուցարարներ 5 օրէ ի վեր փակած են այլ ճամբայ մը՝ իբրեւ բողոք նշեալ կեդրոնի կառուցման: Թրքական բանակը կրակ բացած է ցուցարարներու վրաններուն վրայ, ինչ որ զոհեր պատճառած է:
Քրտական «Ֆրաթ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ քիւրտ զինեալները առեւանգման գործողութենէն ետք յայտարարած են, թէ երկու զինուորները ազատ պիտի արձակուին, երբ զինուորական կեդրոնի կառուցման դադրեցումը պաշտօնապէս յայտարարուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.