
ՍԼԱՎԵԱՆՍՔ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ ռուսամէտ զինեալներ անցնող շաբաթավերջին ձերբակալած են ԵԱՀԿի 8 զինուորական դէտեր ու չորս ուքրանացի զինուորներ, որոնք Երկուշաբթի, Ապրիլ 28ին կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ձերբակալութենէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուեցան մամլոյ ներկայացուցիչներուն:
Սլավիանսքի մօտերը ձերբակալուած դէտերէն մէկը յայտնեց, որ խմբակի անդամներէն ոչ մէկուն վնաս հասած է՝ աւելցնելով, որ անոնք իրենց ազատ կամքով չեն կրնար հեռանալ շրջանէն:
Ձերբակալութիւնը դատապարտած ԵԱՀԿի ղեկավարութիւնը բանակցութիւններու մէջ է՝ դէտերուն ազատ արձակումը ապահովելու համար: Ռուսամէտ զինեալներու ներկայացուցիչ մը ըսած է, թէ դէտերը «պատանդներ չեն, այլ՝ հիւրեր», իսկ ուրիշ մը դէտերը «պատերազմի գերիներ» որակած է՝ անոնց ազատ արձակումը կապելով Ուքրանիոյ իշխանութեանց կողմէ ձերբակալուած ռուսամէտ զինեալներու ազատ արձակումին:
Ռուսամէտ զինեալներ կը շարունակեն գրաւուած պահել երկրին արեւելքը գտնուող պետական շէնքերը՝ մարտահրաւէր ուղղելով Քիեւի կառավարութեան: Տոնեցքի մէջ անոնք գրաւած են շրջանային պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կեդրոնները՝ պահանջելով, որ Ռուսիոյ պետական կայաններուն սփռումները վերականգնուին եւ փոխարինեն ուքրաներէն սփռումները: Զինեալները Կիրակի օր յայտնեցին, թէ գիշերը ձերբակալած են ուքրանական ապահովական մարմիններու անդամներ: Քիեւ հաստատեց այդ լուրը:
Նշենք, որ Եօթներու խմբակը Շաբաթ օր գովեց Ուքրանիան՝ «զինեալ աւազակախումբերու» նկատմամբ ինքնազսպումով վարուելուն համար, եւ նշեց, որ յանձնառու կը մնայ յառաջիկայ ամիս Ուքրանիոյ մէջ նախագահական ընտրութեան նախօրեակին Ռուսիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներու որդեգրումին:
Նաեւ, Երկուշաբթի օր արեւելեան Ուքրանիոյ Խարքիւ քաղաքի քաղաքապետը ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ, երբ անյայտ զինեալ մը կրակ բացաւ անոր վրայ, մինչ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ 7 ռուս պաշտօնատարներու եւ 17 ռուսական ընկերութեանց դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատած է՝ Ուքրանիոյ իրադարձութեանց անոնց մեղսակցութեան համար: Իսկ Եւրոպական Միութիւնը 15 ռուս պաշտօնատարներու դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու նախնական որոշում մը տուաւ: