
ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Աւագ շաբթուան հոգեպարար արարողութիւնները մեր հաւատացեալները պատրաստեցին Ս. Յարութեան յաղթանակը դիմաւորելու եւ մեր հաւատքը վերանորոգելու։
Շաբաթ, Ապրիլ 19ի երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի եկեղեցիներուն մէջ Ճրագալոյցի Ս. պատարագի աւարտին, Քրիստոսի Ս. Յարութեան լոյսը անգամ մը եւս պայծառացուց մեր հաւատացեալ ժողովուրդի հոգիները եւ հայ օճախները, Ս. խորանէն բերուած Յարութեան լոյսը խորհրդանշող մոմերով։ Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Յարութեան Ճրագալոյցի արարողութեան նախագահեց եւ պատարագը մատուցեց։ Ս. Գրային ընթերցումներէն ետք, պատարագի սկիզբը, «Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց» աւետիսը տարածուեցաւ ամէնուրեք։ Իր պատգամին մէջ առաջնորդը՝ Յարութեան յաղթական աւետիսով գօտեպնդուած, հրաւիրեց հաւատացեալները Յարութեան յաղթական շունչով ընթանալու եւ վերանորոգ յոյսով ու հաւատքով դիմակալելու ամէն տեսակի դժուարութիւն եւ նեղութիւն։