ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Էյ.Փի.».- Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեան նախկին պետ Էյմըս Ետլին յայտնած է, որ լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութիւնը Պէյրութի հիւանդանոցներէն մէկուն տանիքը լարած է երկար հասողութեամբ հրթիռ մը, որ Լիբանանի մայրաքաղաքէն թիրախ կրնայ դարձնել Թել Աւիւը: ««Հըզպալլա»ն աշխարհի վրայ միակ ահաբեկչական կազմակերպութիւնն է, որ միջցամաքային հասողութեամբ հրթիռներ ունի: Գործնական առումով՝ «Հըզպալլա» Լիբանանի մէջ կիսապետութիւն մըն է, ինչպէս է պարագան «Համաս»ի՝ Արեւմտեան Ափի մէջ: Սակայն, ամէն պարագայի, Իսրայէլ միջազգային չափանիշներու յարգումով պիտի կարենայ յաղթել ահաբեկչութեան», ըսած է Ետլին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.