
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Էյ.Փի.», «Մանար».- Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Երեքշաբթի, Ապրիլ 29ին, Դամասկոսի Շաղուր թաղամասին մէջ գտնուող դպրոցական համալիրի մը ռմբակոծումը առնուազն 14 զոհ եւ 86 վիրաւոր պատճառած է: Առնուազն չորս հրթիռներ ինկած են շրջանին մէջ, անոնցմէ երկուքը՝ իսլամական դպրոցի մը վրայ: Շաղուր թաղամասի բնակչութեան մեծամասնութիւնը շիի է:
Միւս կողմէ, Հոմս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ականուած երկու ինքնաշարժներու պայթումներուն հետեւանքով, առնուազն 40 քաղաքայի